image

Ատրպէյճան դարձեալ կրակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Ատրպէյճան դարձեալ կրակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

30 նոյեմբերի ժամը 22:35-ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնէն, հայկական կողմը կորուստներ չունի:

1 դեկտեմբերի ժամը 08:30-ի դրութեամբ, իրադրութիւնն առաջնագիծին յարաբերականօրէն կայուն է: