image

Ասուպի պէս ապրիլ, ասուպի պէս սիրել (Յիշելով Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսը)

Ասուպի պէս ապրիլ, ասուպի պէս սիրել (Յիշելով Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսը)

 

 

Քանի մը օր անց պոլսահայ մտերիմս ՝ Յարութիւն Չէրմէն, կը զանգէր՝ ըսելու, որ Ռաֆֆին ծանր վիճակով մը հիւանդանոց տարուած է ու արդէն երկու օրէ ի վեր բժիշկները կը պայքարին անոր կեանքին համար։

Մնացեալը մահուան բօթն էր, որ կը տարածուէր ու կը պատմէր ասուպի նման մեզմէ հեռացող Ռաֆֆիին մասին։

Շատերու կողմէ սիրուած, յարգուած Ռաֆֆիին մահուան լուրը թախիծ կը տարածէր եթերին մէջ, ու Պոլիսէն Փարիզ, Երեւան ու նոյնիսկ Պէյրութ մեծ թիւով ընկերներ կը սգային անոր անժամանակ կորուստը։

Խոնաւ գոհունակութիւն մըն ալ կար մանաւանդ անոնց մէջ, որոնք կը մտածէին, որ ի վերջոյ Ռաֆֆին մեզմէ կը հեռանար առանց մեծ տառապանքներու, առանց մեծ տանջանքներու, այլ խաղաղ ու հաշտ իր ճակատագրին հետ։

Թերեւս առաջին անգամն էր, որ բողոքներ պիտի չլսուէին ու առաջին անգամն էր, որ աստղը պիտի մարէր, գուցէ նոր աստղերու, նոր ասուպներու տեղ տալու համար։

Ճիշդ է, որ Ռաֆֆին հետ առաջին եւ վերջին հանդիպումները եղան Երեւանի մէջ, սակայն Պոլսոյ մէջ մեր ապրած ընկերութեան վերյուշը ամէն անգամ իր երանգները պիտի նետէ եւ կլանէ զիս։ Ան, որ նախընտրեց ասուպի պէս ապրիլ, ասուպի պէս սիրել, ասուպի պէս գրել եւ ասուպի պէս ալ մեռնիլ։

Բարի յիշատակ Ռաֆֆին եւ յարգանք զինք բարիով  յիշողներուն։

 

 

2 Սեպտեմբերը Ռաֆֆի Հ. Արաքսի ծննդեան օրն է,  ան   պիտի դառնար   64 տարեկան։

Հարուստ նախաճաշի սեղան, աղմկոտ սրճարան եւ իմ աչքերուս վրայ նոր բացուող ամբողջ Քուրթուլուշ պողոտան։

--Հրամմէ, մեղր, կարագ, պանիր, երկու տեսակ ձու կայ,-- կ՚ըսէ ու ձայնին մէջ կ՚երեւի աճապարանք մը, որ երբեք ալ պիտի չլքէր զինք։

--Վերջապէս քեզ տեսայ,--  կ՚ըսեմ յիշելով մեր առաջին հանդիպումը Երեւանի սրտին վրայ «բազմած» «Մարիոթ» հիւրանոցի սրճարանին մէջ, ուր «բերնէն կախուած» կը լսէի Թուրքիոյ մօտիկ անցեալի զարգացումներուն մասին։

Ռաֆֆին, այո՛, լաւ գիտէր Թուրքիան, ճիշդ է ան կու գար Պոլիսէն, բայց իր անցած ճանապարհով, լրագրողական ունակութիւններով Ռաֆֆին կարողացած էր հասկնալ ոչ միայն իր ծննդավայրին մէջ ընթացող դէպքերը, այլ ամբողջ Թուրքիան։

Ռաֆֆիին «վկայութիւն»-ը կարեւոր էր, ոչ միայն անոր համար, որ ան գրքունակ կամ մոտայիկ չէր, այլեւ անոր համար, որ իր պատմածները վերլուծութիւններ չէին, այլ իր ապրածին վերարտադրութիւնը։

Ռաֆֆի կեանքի մանրամասնութիւններուն շատ լաւ ծանօթ չեն, գիտեմ միայն, որ երկար ժամանակով ան ապրեցաւ Փարիզի մէջ, այնտեղ տարաւ լրագրողական գործունէութիւն, ապա թղթակցեցաւ Երեւան հրապարակուող «Ազգ» պարբերականին ու ամենակարեւորը դարձաւ Եւրոխորհրդարանին մէջ լիազօրուած-հաւատարմագրուած լրագրող։

Այստեղ միջանկեալ հատուած մըն ալ կայ Ռաֆֆիի Երեւանի մէջ ապրած ժամանակներուն մասին, երբ ան որպէս ուսանող (եթէ չեմ սխալիր թատերական ուսմունք էր ստացած) որոշ ժամանակով մը ապրած էր Երեւանի մէջ։ Միշտ այդ ժամանակներուն մասին կը պատմէր, կը պատմէր հիացական շեշտով մը, տեսակ մը փառաւորուած եւ ուրախ։

Ռաֆֆին ունէր թատերական հակումներ, կը սիրէր թատրոնի աշխարհը, սինեման, երգիծական դերեր վերցնելը կամ նոյնիսկ տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին երգով կամ կատակ-խաղերով հանդէս գալը։

Այդ ալ Ռաֆֆիին մէկ այլ երեսակն էր, մէկ այլ Ռաֆֆի մը, որուն այդքան ալ ծանօթ չեմ եղած...։

Ռաֆֆիին հետ առաջին հանդիպումս եղած էր Երեւանի «Մարիոթ» (նախկին հանրայայտ ՝ «Արմենիա» պանդոկը) հիւրանոցի սրճարանին մէջ։

Այդ իր կեանքի վերջին փուլի առաջին վերադարձն էր Հայաստան։ Խանդավառ էր, կ՚ուզէր վայրկեան առաջ ամէն բան թողնել ու գալ «Երեւանուիլ», հոս ապրիլ, հոս գործել եւ Երեւանէն ալ թրքական ու ֆրանսական կարգ մը թերթերուն թղթակցիլ։

Ճիշդ է, որ Ռաֆֆիի երազներուն չափ չէր մեր այսօրուան Երեւանը ու տխուր էր նաեւ, որ իր փափաքներն ու ծրագիրները շատ դանդաղ առաջ գացին։ Ռաֆֆին համար տեղի «ռիթմ»-ը միշտ ալ գոհացուցիչ չեղաւ, հակառակ անոր որ իր կեանքի վերջին տարին ան կարողացաւ մեծ քայլեր նետել ու նաեւ հիմնադրել հայրենի «Արմէնբրես» պետական գործակալութեան թրքալեզու բաժինը , որ  շնորհիւ իր անունին ունեցաւ տարբեր հմայք եւ ձեւով մըն ալ գրաւիչ շունչ։

Վերադառնալով Ռաֆֆիին հետ իմ բարեկամութեան՝ ապա հարկ կը համարեմ նշել, որ Ռաֆֆիին հետ իմ ապրած բարեկամութիւնը անցաւ մի քանի փուլերէ, որոնց վերջինը այնքան խորհրդաւոր ու նոյնիսկ անհասկնալի էր։

Պիտի պատմեմ դեռ մեր վերջին հանդիման մասին, սակայն նախքան այդ՝ հարկ է անպայման նշել, որ  լրագրողական դաշտին մէջ Ռաֆֆին հետ տարբեր ժամանակներու ունեցած եմ որոշակի անհասկացողութիւններ, որոնք վերածուած են լարումի եւ աւարտած են վիճաբանութեամբ եւ նոյնիսկ մասնակի խզումով։

Այդ խզումներն ալ կը հատնէին, որովհետեւ ամէն անգամ Ռաֆֆին կը վերադառնար մեր ընկերութեան, տեսակ մը գորովով, տեսակ մը վեհութեամբ, որ մարդս կը զարմանար՝ արդեօք այս մարդը նոյն Ռաֆֆի՞ն է, որուն հետ ես վերջերս մեծ վէճ մը ունեցած էի։

Ամենամեծ լարումը Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան օրակարգին էր կապուած, երբ Ռաֆֆին բացայայտօրէն կողմ էր ու ինքնակամօրէն կը յայտնուէր Պոլսոյ միաբանութեան այդ ժամանակուայ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ գերշ. Տ. Արամ արք. դէմ եղող ճամբարին մէջ։

Կրնար անշուշտ դէմ ըլլալ որեւէ թեկնածուի, կրնար նախասիրութիւններ ունենալ, կրնար դէմ ալ քուէրակել այս կամ այն թեկնածուին, սակայն ինծի համար անսպասելի էր, որ Ռաֆֆին ինքնակամօրէն «փողոց իջնէր» ու բողոքի ցոյց ընէր Արամ արք.ին դէմ եւ այդ ցոյցն ալ տեղի ունենար Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնի կամարներուն տակ։

Ուրիշներ կրնային այդ ցոյցը առաջ տանիլ, կրնային պայքարի դրօշակ պարզել, սակայն իմ գիտցած Ռաֆֆին այդ բոլորէն վեր պէտք է մնար։

Այնպէս չէ, որ այս կարծիքը կը գրեմ պարզ անոր համար, որ Ռաֆֆին մեր հետ չէ այլեւս։ Այդ օրերուն ալ նոյնը ըսած եմ իրեն, խորհուրդ չեմ տուած, այո՛, բայց ըսած եմ, որ նոյնիսկ եթէ նախասիրութիւններ ունիս, այդքան խորը մի՛ երթար։ Վաղը օր մը պատրիարքի ընտրութեան օրակարգը կը հատնի, կ՚ընտրուի նոր պատրիարք, թեկնածուները իրար հետ հաշտ ու համերաշխ կ՚ապրին, իսկ դուն կը դառնաս «քաւութեան նոխազ»։

Այդպէս ալ կըլլար, կամ մօտաւորապէս այդպիսի պատկեր մըն ալ կը ստեղծուէր։

Հիմա ո՞վ շահեցաւ այդ պայքարներէն,--  դեռ պարզ չէ, սակայն աւելի քան յայտնի է, որ Ռաֆֆին շատ բան կորսնցուց... անոնց  պատճառով։

Այդ օրերուն էր նաեւ, ինչպէս վերը նշեցի, որ Ռաֆֆին հետ յարաբերութիւններս մասնակի խզում ապրեցան, մինչեւ որ ջուրերը խաղաղին, ընտրութեան օրակարգը դառնայ իրականութիւն, ու ինք ալ հեշտ ու խաղաղ ընդունի Պոլիսէն եղած արդիւնքը եւ տեղ մըն ալ հպարտանայ որ երկար տարիներու բացակայութիւնէ ետք Պոլիսը դարձեալ պատրիարք հայր մը ունեցաւ։

 

        Պոլիսէն, անհասկնալի խզումը ...

Չեմ ալ գիտեր ի՛նչ պատճառներով Ռաֆֆին մէկ անգամէն Պոլիսէն խրտչեցաւ։ 

Ի՞նչ էր պատահածը, կամ ինչ էին այն իրական պատճառները, որ զինք «հեռացուցին» իրեն համար այդքան թանկ ու կարեւոր ծննդավայր ու տուն եղող Պոլիսէն։ Գուցէ կա՞ն պատճառներ, գուցէ նաեւ այդ հեռացումը կերպով մը իր ապրած հոգեվիճակին կամ ապրելիք հոգեվիճակին արտայայտութիւնն է՞ր։ Ուզեց եւ որոշեց հեռանալ Պոլիսէն, ըրաւ այդ մէկը, հապա իր սիրելի Փարիզը, այդ բոլորը ինչպէս կարողացաւ ընել։ Մեզմէ շատերուն համար կեանքի ճակատագիր ծնիլ տեղ մը, ապրիլ այլ քաղաքի մը մէջ , իսկ վերջին տարիներուն ալ ուղիղ գիծով մը Ռաֆֆին նման շատ-շատերուն իբրեւ կեցութեան վայր ընտրեց  Երեւանը։

Գուցէ այդ որոշումը մեզի համար յատուկ  է, կամ կորուստներէն յառնելու նոր ձեւ մըն է, երբ անցեալը կու տաս մոռացումներու մեծ հովին, ապրած կեանքդ կ’ուզես նորէն գծել, իսկ վերջին կայքդ ալ, որ իր պարագային լուսէ քաղաք Փարիզն էր, կը փոխարինես «իմ սրտի օթեւան» Երեւանով։ Այո՛, Ռաֆֆին շատ սիրեց Երեւանը, որուն համար պատրաստ էր ամէն ինչ խզել ու սկսիլ «զէրօ կէտ»-էն։

Այդպէս ալ ըրաւ, այդպէս ալ ապրեցաւ, այդպէս ալ ապրումը վերածեց կեանքի, այդպէս ալ սիրուեցաւ, այդպէս ալ սիրեց այս քաղաքը ու այդպէս ալ անաղմուկ ու անվնաս մահացաւ։

Ան իր աչքերը փակեց այնպէս ինչպէս կ՚ընեն հեռու տեղեր ճամբորդող բարի թռչունները։ Ինք ճայ էր գուցէ, որ միշտ պիտի փնտռէր իր հարազատ պոլսական ափը, բայց փոխակերպուեցաւ դարձաւ լեռնային թռչուն, որուն համար ե՛ւ եղանակը թանձր էր, ե՛ւ միջավայրը ուրիշ։

Այդ ուրիշութիւնը գուցէ զինք տարաւ ափէ-ափ եւ շատ արագ վերադարձուց այն վայրին, որուն մենք բոլորս ալ «հող» անունը կու տանք։

Շուտ եղաւ այդ ամէնը, եւ շատ կանուխ էր իրեն։

Հազար ափսոս մեր Ռաֆֆին։

 

Մեր վերջին հանդիպումը

Ուրեմն ճիշդ 13 ամիս առաջ էր, որ Ռաֆֆիին հետ վերջին անգամ հանդիպեցանք։ Բաւական շոգ օր էր Երեւանի մէջ ու յաճախ կէսօրէ ետքերը կը յաճախէի այն օրերուն տակաւին գործող իսթանպուլահայ յայտնի գործարար ՝ Տայք Միրիճանեանի «Ճաշակ» ճաշարանը, որ ձեւով մըն ալ պոլսահայերու հանդիպման վայր դարձած էր։

Հոն էր, որ շատ մը պոլսահայերու հետ կը տեսնուէի ու տարբեր նիւթերու շուրջ խօսակցութիւններ կ՚ունենայի։

Հանգիստ անկիւն մըն էի նստած ու յանկարծ Ռաֆֆին ներս կը մտնէր։

--Աս ինչ տաք է պէ՜,-- կ՚ըսէր,-- մեռանք աս տաքէն։

Կը յարէր նաեւ, որ օրը իր համար շատ ուրախ օր մըն էր, որովհետեւ ընթացք առած էր «Արմէնբրես»ի մէջ թրքական բաժնի լուրերուն թողարկումը, որուն պատասխանատուն ալ ինք էր։

--Ռէիս (Ռաֆֆին յաճախ պէյրութեան աս դիմելաոճով կ՚արտայայտուէր իմ հետ խօսած պահուն), նայէ, շատ ուրախ եմ, այսօր քեզի պատիւ պիտի տամ. ըսէ, ի՞նչ կ՚ուզես, եւ ես պատուիրեմ,-- կ՚ըսէր ու կը նստէր մօտս։

Պահ մը անց ստիպելով կը ստիպէր, որ միասին գարեջուր մ՚առնէինք, եւ հակառակ իմ պնդումներուս՝ ամէն բան կ՚ընէր, որ ընդունէի միասին խմելու առաջարկը։

Կը բանար ձեռքի համակարգիչը եւ հատիկ-հատիկ կը ներկայացնէր «Արմէնփրես»-ի թրքալեզու բաժնին կապուած մանարամասնութիւնները։

--Նոր ժամանակներ են, ռէիս,--կ՚ըսէր, պարտաւոր ենք լաւ աշխատիլ ու կը պատմէր նաեւ, որ ձայնային հաղորդումներ՝ «բոտքասթ» ձեւաչափի հաղորդումներ ալ պիտի ընէր։

Խորքին մէջ, առաջին անգամն էր, որ Ռաֆֆին ատքան ուրախ կը տեսնէի, աչքերուն մէջ ալ մեծ կրակ մը կար։ Լաւատես էր իր ընելիքով ու ամենակարեւորը համոզուած էր, որ ի վերջոյ իր ուզածը պիտի ընէր եւ ձայնը լսելի դարձնէր։

Քանի մը նշում կ՚ընէի, վերապահումներս կ՚ըսէի եւ կամացուկ մը իր ուշադրութեան կը յանձնէի, որ շատ խանդավառութեան ալ կարիք չկայ նման գործերու պարագային։

Հաւանաբար առաջին անգամն էր, որ Ռաֆֆին չէր հակաճառեր, չէր բորբոքեր, այլ խորունկ լռութեամբ մը մինչեւ վերջին բառս կը լսէր։

Կը նայէր աչքերուս, ես ալ զարմանալով զարմացած, այդ լռութեան իրական պատճառներուն անտեղեակ, տեսակ մը գոհունակ, կը դիտէի փողոցը, ուր տեղատարափ անձրեւը, Ռաֆֆիին լռութեան զուգահեռ, մեծ լռութիւն մը կը տարածէր ամբողջ թաղին մէջ։

Անձրեւը կերպով մը ամբողջական կը դարձնէր մեր այս հանդիպումը, որ պիտի դառնար վերջինը՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսին հետ։

Քանի մը օր անց պոլսահայ մտերիմս ՝ Յարութիւն Չէրմէն, կը զանգէր՝ ըսելու, որ Ռաֆֆին ծանր վիճակով մը հիւանդանոց տարուած է ու արդէն երկու օրէ ի վեր բժիշկները կը պայքարին անոր կեանքին համար։

Մնացեալը մահուան բօթն էր, որ կը տարածուէր ու կը պատմէր ասուպի նման մեզմէ հեռացող Ռաֆֆիին մասին։

Շատերու կողմէ սիրուած, յարգուած Ռաֆֆիին մահուան լուրը թախիծ կը տարածէր եթերին մէջ, ու Պոլիսէն Փարիզ, Երեւան ու նոյնիսկ Պէյրութ մեծ թիւով ընկերներ կը սգային անոր անժամանակ կորուստը։

Խոնաւ գոհունակութիւն մըն ալ կար մանաւանդ անոնց մէջ, որոնք կը մտածէին, որ ի վերջոյ Ռաֆֆին մեզմէ կը հեռանար առանց մեծ տառապանքներու, առանց մեծ տանջանքներու, այլ խաղաղ ու հաշտ իր ճակատագրին հետ։

Թերեւս առաջին անգամն էր, որ բողոքներ պիտի չլսուէին ու առաջին անգամն էր, որ աստղը պիտի մարէր, գուցէ նոր աստղերու, նոր ասուպներու տեղ տալու համար։

Ճիշդ է, որ Ռաֆֆին հետ առաջին եւ վերջին հանդիպումները եղան Երեւանի մէջ, սակայն Պոլսոյ մէջ մեր ապրած ընկերութեան վերյուշը ամէն անգամ իր երանգները պիտի նետէ եւ կլանէ զիս։ Ան, որ նախընտրեց ասուպի պէս ապրիլ, ասուպի պէս սիրել, ասուպի պէս գրել եւ ասուպի պէս ալ մեռնիլ։

Բարի յիշատակ Ռաֆֆին եւ յարգանք զինք բարիով  յիշողներուն։

 

 

Սագօ Արեան

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...