image

Մահ՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի

Մահ՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պոլսահայ հանրայայտ լրագրող ՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։

Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, Արաքս անհանգստութեան մը հետեւանքով փոխադրուած էր հիւանդանոց ու ենթարկուած վիրաբուժական գործողութեան։

Գործողութենէն անմիջապէս ետք Արաքսի մօտ յայտնաբերուած են շնչառական դժուարութիւններ, եւ այս բոլորէն ետք անոր կեանքով լեցուն սիրտը դադրած է աշխատելէ ...

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի անունը ուղակիօրէն կը կապուի Պոլսոյ հայկական շրջանակներու վերջին ժամանակներու ապրած զարթօնքին հետ։ 

Լրագրական իր առաջին քայլերը «Մարմարա» օրաթերթին մէջ նետելէ ետք, շուտով կը միանայ Հրանդ Տինքի հիմնադրած «Ակօս» պարբերականին դառնալով այդ թերթի առաջին աշխատակիցներէն մին։ Քիչ անց ընթացք կ՚առնէ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի լրագրողական «ճանապարհորդութիւն»ը, եւ ան տեղի հայկական պարբերականներէն բացի, հանդէս կը սկսի գալ թրքական յայտնի պարբերականներուն մէջ։

Շրջան մը ետք Արաքս կը հաստատուի Փարիզ եւ «լոյսերու քաղաք»էն թղթակցութիւններ կ՚ուղարկէ, թէ թրքական, թէ ալ Երեւան հրապարակուող «Ազգ» օրաթերթին դառնալով նշեալ թերթի կարեւոր անուններէն մին։

Պոլսոյ հայութեան անցեալ, ներկայի մարտահրաւէրներ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի խնդիրներ, իսլամացած հայեր եւ նմանօրինակ թեմաներ կը դառնան Արաքսի համար ամէնօրեայ հետաքրքրութեան ծիր եւ առանցք։

Վերջին տարիներուն հաստատուելէ ետք Երեւանի մէջ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսին բախտ կը վիճակուի ստանձնել «Արմէնբրէս» գործակալութեան թրքերէն բաժնի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը, սակայն ցաւալիօրէն այդ պաշտօնը երկար չի տեւէր ճակատագրի սեւ խաղով եւ վրայ հասած տխուր մահուան հետեւանքով։ 

Ըլլալով մտաւորական ընտանիքի զաւակ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս ամենուրէք դարձաւ ապրող պոլսահայութեան շէնշող ձայնը։ Ձայն, որուն մէջ կար արեւմտահայ իր նախնիներու շունչը ու այսօրուան Հայաստանին հանդէպ անմար սէրն ու եռանդը։

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի ապրած 63 գարունները հայրենասէրի մը ապրած իրական ճաճանչներն են ու անոր անունը միշտ վառ պիտի մնայ զինք ճանչցողներու եւ իր հետ կեանք կիսած հարազատներու սրտին ու հոգիին մէջ։