image

Վերջին հրաժեշտ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի

   Վերջին հրաժեշտ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի

Այսօր Երեւանի Նոր Նորք շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը։

Վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էր ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Սերգո Երիցեան, որ այս առթիւ կարճ խօսք մը տուաւ «Արեւելք»ին։  Երիցեան մասնաւորապէս ըսաւ, որ Ռաֆֆին միշտ ալ անհանգիստ հոգի մըն էր, որ կը տագնապէր մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի խնդիրներով։ 

Երիցեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Անոր համար հայոց հողը իւրօրինակ էր եւ ան իր կեանքի ողջ տեւողութեան դարձաւ մեր ժողովուրդի սիւներէն։ Ըլլայ Պոլսոյ, կամ Փարիզի ու նաեւ Երեւանի մէջ Ռաֆֆին շարունակեց գործել յանուն մեր ժողովուրդին»։

Լրագրողական եւ թատերական միջավայրի գործիչներու, մտերիմներու եւ ազգականներու ներկայութեան քահանայ տէր հայրը կատարեց յուղարկաւորութեան կարգը, որմէ ետք սգակիրները մեկնեցան Թոխմախի գերեզմանատուն՝ վերջին հրաժեշտը տալու հանգուցեալին ուր դարձեալ աղօթքներու եւ հայկական տուտուկի յուզիչ նուագին տակ սգաւորները վերջին հրաժեշտ տուին Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսին։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ մանրամասն գրած էր մեր լրագրող գործընկերոջ կեանքի դրուագներուն մասին, այդ նիւթին կարող էք ծանօթանալ ՝ այստեղ։