image

Առճակատման սկզբնակէտ

Առճակատման սկզբնակէտ

Կարեւոր հարց է, թէ Եւրոպան պիտի կարենա՞յ միակամ գործօն մը մնալ։ Այսպէս, Ֆրանսայի իրադարձութիւնները, նաեւ Անգլիոյ ընտրութիւնները պատճառ դարձան, թէ արդեօք Եւրոպան որպէս քաղաքական միատարր գործօն պիտի կարողանա՞յ շարունակել իր երթը։ Անշուշտ, եւրոպական մայրցամաքի խոցելիութիւնը երեւան ելաւ այն պահուն, երբ անգլիացիները BREXIT-ին դիմելով դուրս եկան Եւրոպական Միութենէն։ Այդ մէկը միայն կապուած չէր քաղաքական միակամ որոշումի մը հանդէպ անհամաձայնութիւնով, այլ այդ խնդրի ետին կար տնտեսական երեսակը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ տիրական մնալ բոլոր երկիրներու համար։

 

Եւ իրօք, եթէ քաղաքական կամքի դրսեւորում մը պէտք է զուգորդուած ըլլար տնտեսական բեռով կամ պատասխանատուութիւններով, ապա ի՛նչ պատճառներով որոշեցին դուրս գալ եւրոպական հասկացողութենէն անգլիացները, որոնք իրենց ուրոյն դերն ու տեղը ունին այդ ընտանիքին մէջ։ Այս բոլորէն անդին, բացի տնտեսական տարակարծութիւններէն, Անգլիան պատրաստ չէ քալել եւրոպական մէկ դրօշի ներքոյ։

Ժամանակները բաւական բարդ են Եւրոպայի համար, որ սկսած է յոգնութեան եւ լարումի նշաններ ցոյց տալ։ Մինչ այդ, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, Կազզէի տագնապը եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները Եւրոպան դրած են մարտահրաւէրներու առջեւ։ Բացի ներքին ճակատի գործընթացներէն առկայ է նաեւ տնտեսական որոգայթներով երանգաւորուած պայքարը, որուն մասին արդէն սկսած են արտայայտուիլ եւրոպացի լրագրողներ։

Այս բոլորին մասին ուշագրաւ էր անգլիացի լրագրող Մեթիու Լինի յօդուածը՝ որ կը կրէ «Չինաստան ընդդէմ Եւրոպայի» խորագիրը։

Ըստ յօդուածին՝ մինչ Եւրոպան կլանուած էր Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ ընտրութիւններով, անդին Պրիւքսէլի պաշտօնեաները կը վիճէին, թէ ո՞վ պիտի ստանայ ԵՄ-ի գլխաւոր պաշտօնները, անդին շատ աւելի կարեւոր բան կը կատարուէր. սկսած էր Չինաստանի հետ լայնածաւալ առեւտրային պատերազմ մը։ Ապա, երբ ԵՄ-ն յայտարարեց չինական ելեկտրական ինքնաշարժներու համար պատժամաքսատուրքեր սահմանելու իր մտադրութիւնը՝ յուսահատօրէն փորձելով փրկել իր ինքնաշարժի արդիւնաբերութիւնը, Չինաստան պատասխան-հարուած մը հասցուց՝ հիմք դնելով խոզի միսի մաքսատուրքերու համար:

Լինիի համաձայն, Եւրոպան կը գտնուի այն սկզբնակէտին, որ պիտի յանգեցնէ երկու դաշինքներու միջեւ դաժան առճակատման: Եւ խնդիրը պարզ է՝ Եւրոպան, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի պարտուի: Ան պառակտուած է, չունի յստակ ռազմավարութիւն, իսկ թուլացած տնտեսութիւնն ալ՝ պայքարելու ուժ։ Արեւմուտքը պէտք է դիմադրէ Չինաստանին։

Վիճելի է, թէ արդեօք չինական ինքնաշարժներու համար նիւթական նպաստ կը տրուի՞ կառավարութեան կողմէ, թէ գերարդիւնաւէտ արտադրողներու նոր սերունդը պարզապէս իւրացուցած է այդ բոլորը։ Կառավարութեան բացակայութիւնը՝ աժան ինքնաշարժները հետզհետէ պահանջուած կը դարձնեն: Չինական լաւ պատրաստուած ինքնաշարժները՝ պատրաստ են ոչնչացնելու եւրոպական արտադրողները: Խնդիրը սակայն, ի սկզբանէ ակնյայտ է. Չինաստան կը պատրաստուի հակահարուած հասցնելու։ Չինաստան սկսած է հետաքննութեան՝ ԵՄ-էն խոզի միսի ներկրման վերաբերեալ, որ նախաբանն էր ամբողջական մաքսատուրքերու ներդրման համար։

Հաւանական է, որ մինչեւ տարեվերջ Չինաստան ենթարկուի միսի հարկերու։ Միեւնոյն ժամանակ, Փեքին կրնայ բարձրացնել պենզինով ինքնաշարժներու մաքսատուրքերը, որ ուղղուած է եւրոպական արտադրողները պատժելու: Այն չի սահմանափակուիր միայն այսքանով։ Պէտք չէ զարմանալ, եթէ շուտով մաքսատուրքեր սահմանուին «Airbus» օդանաւերու համար, յատկապէս, որ Չինաստան այժմ սկսած է սեփական մարդատար օդանաւեր արտադրել՝ դեղագործական, հաստոցներու եւ քիմիական նիւթերու համար։

Չինաստանի համար գրեթէ անհեթեթօրէն հեշտ պիտի ըլլայ տարբեր եւրոպական երկիրներ իրարու դէմ հանելը՝ յառաջացնելով պառակտում եւ թուլացնելով մայրցամաքի վճռականութիւնը: Այս խնդիրը կը բարդանայ այն պատճառով, որ Եւրոպան չունի յստակ ռազմավարութիւն։

Միեւնոյն ժամանակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի հետ առեւտրային պատերազմ կը մղէ, բայց մէկ տարբերութեամբ. ամերիկացիները ունին յստակ ռազմավարութիւն սեփական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու եւ արտադրական կարողութիւնները աճեցնելու համար։

Մէկ կողմէ, Եւրոպա պատժամիջոցներ կը սահմանէ չինացի արտադրողներու դէմ, բայց չունի յստակ պատկերացում մը, թէ ինչպէս կարելի է մրցակցիլ հիմնական ոլորտներու մէջ: Միւս կողմէ, եթէ նոյնիսկ իրագործելի ծրագիր ըլլայ, արդեօք Եւրոմիութիւնը ուժ պիտի ունենա՞յ զայն իրականացնելու…։ Տասնամեակներու չափազանց կանոնակարգումէ եւ ընկերային մեծ ծախսերէ, Ուքրայնայի պատերազմի հետեւանքով ուժանիւթային ցնցումներէ ետք, Եւրոպան տնտեսապէս շատ թոյլ է եւ կրնայ իսկապէս տուժել։

Առեւտրային պատերազմի մէջ պէտք է զոհողութիւններ ընել՝ երկարաժամկէտ օգուտներ քաղելու համար։ Բայց Եւրոպայի խոշոր տնտեսութիւններէն ոչ մէկը ի վիճակի է որեւէ բան զոհելու: Փոխարէնը անոնք մխրճուած են աճող հարկերու, պարտքերու եւ լճացման մէջ: Թերեւս ճիշդ որոշումը պիտի ըլլայ դիրքորոշում մը ընդունիլ Չինաստանի տնտեսութեան դէմ, որ հետզհետէ կ՚աճի։ Այս երկրի տնտեսութիւնը դժուարութիւններ կ՚ապրի, սակայն կը շարունակէ զարգանալ։ Եւ քանի ինքնաշարժի ոլորտը կը սկսի ինքնուրոյն ձեւաւորուիլ Չինաստանի մէջ, որ կը հակի սպառողական արդիւնաբերութիւն։ Իսկ եւրոպական եւ ամերիկեան հսկաները կը կարծէին, թէ ան յաւերժ պիտի մնայ իրենց ձեռքերուն մէջ՝ ներկայացնելով իրական տնտեսական վտանգ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...