Կարծես թէ լաւ հեռանկարներ կան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։ Այս մասին դեկտեմբեր 27-ին կայացած ճեպազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նախադրեալ եւս կայ։
«Ընդհանուր առմամբ, Ռուսիան շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու նուազեցմամբ եւ այս տարածաշրջանի հարուստ ներուժի բացայայտմամբ, որուն կրնայ նպաստել նաեւ «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի շրջածիրէն ներս փոխգործակցութեան ընդլայնումը»,- նշած է ան։
Զախարովան կը կարծէ, որ Ռուսիոյ եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ միւս երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու շնորհիւ Հայաստանի տնտեսութիւնը տպաւորիչ աճ կը գրանցէ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը նաեւ ըսած է, որ անցնող տարին հեշտ չէր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բարեկամ հայ ժողովուրդի համար։
«Մենք կը տեսնենք արտաքին ուժերու փորձեր՝ Երեւանը ներքաշելու աւելի վտանգաւոր աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ։ Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Արեւմուտքը բացարձակ անտարբեր է հայ ժողովուրդի ճակատագրի նկատմամբ։ Անոնք կ՚օգտագործեն հայ ժողովուրդի զգացումները, պատմական յիշողութիւնը, ցաւն ու տառապանքը բացառապէս սեփական շահերու համար։ Հաշուի առնելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթը՝ մենք պատրաստ ենք ամէն կերպ նպաստելու Հայաստանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման։ Սա իսկապէս չափազանց կարեւոր է մեզի համար»,-ըսած է Զախարովան։