image

Արփի Սիսլեան-Ատալեանի Յիշատակին

Արփի Սիսլեան-Ատալեանի Յիշատակին

Մենք ամէնքս հիւր ենք կեանքում

Մեր ծննդեան փուճ օրից,

Հերթով գալիս, անց ենք,կենում

Էս անցաւոր աշխարհից։

Անց ենք կենում․․․միայն անմահ

Գո՛րծն է խօում լաւ ու վատ,

Ա՛խ երանի ով մա՛րդ կը կգայ

Ու մարդ կ՛երթայ անարատ։

 

Ասկէ շուրջ քառասուն օրեր առաջ այս աշխարհէն անվե-րադարձ մեկնեցաւ մեր շատ սիրելի Արփին եւ գնաց՝ յաւի-տենական կեանքի լոյսն ու խաղաղութիւնը վայելելու։

Անոր մահուան գոյժը վիշտ պատճառեց ընտանիքին, հարազատներուն եւ մտերիմներուն։

Կեանքը սիրող եւ եռանդուն էր Արփին, տակաւին յոյս ունէր իր տաք բոյնը երկար վայելելու նաեւ իր ծրագիրներն ու ընելիքները ամբողջացնելու, սակայն առանց իր 

կամքին, Աստուծոյ պատգամով եւ ամէն ինչ կիսատ թողած կեանքէն հեռացաւ, որովհետեւ երկինքը իրեն պէս բարեսիրտ եւ համեստ հրեշտակի մը պէտք ունէր։

Արփին ծնած էր Պէյրութ․հայրենասէր եւ հաճընցի ծնողքէ․հայկական տոհմիկ ընտանիքէ ներս հասակ առած։ Ան Աւագ եւ Լուսին Սիսլեաններու երեք դստրերէն միջնեկն

էր, ազնիւ, ծառայասէր եւ լաւ կարողութիւններով օժտուած հայուհի մը։

Ան նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած էր Սահակեան Լ․Մկրտիչեան գոլէճին մէջ եւ շարունակելով իր ուսումը ընտրած է ուսուցչական ասպարէզ։

Պաշտօնավարած էր Սահակեան Լ․Մկրտիչեան գոլէճին մէջ

եւ վերջին շրջանին Հայ Աւետ․Շամլեան Թաթիկեան վարժա-րանին մէջ։ Բոլորէն սիրուած ու յարգուած էր մանաւանդ աշակերտներէն, որոնց համար իր բացակայութինը մեծ ցաւ է։

Ամուսնացաւ եւ կազմեց իր ընտանեկան հայկական բոյնը։ Բախտաւորուեցաւ երկու մանչ զաւակներով։ Իբրեւ նուիրուած ու կենսունակ մայր, նպատակը անոնց ուսման մէջ բարձր մակարդակներու հասցնելն էր․ յաջողեցաւ եւ կրցաւ ուրախանալ անոնց յաջողութեամբ։

Արփին ծառայեց բոլորին՝ սրտանց, հոգուով եւ նուիրուա-ծութեամբ։

Ան սկաուտական կեանքէն ներս իր ներդրումը ունեցաւ․ երբ փոքր էր գայլիկ, ապա արենուշ, ունենալով ղեկավարելու կարողութիւն՝ հասաւ խմբապետուհիի պաշտօնին։

Արփին գործի ասպարէզին մէջ իր աշխատասիրութեամբ եւ ճշդապահութեամբ աչքի ինկաւ եւ սիրուեցաւ իր շրջապատէն։

Ափսոս անողոք հիւանդութիւնը խանգարեց Արփիին կեանքը եւ աստիճանաբար առողջութիւնը քայքայեց։ Բժիշկ-ները իրենց կարելին ընելով՝ ջանացին զինք փրկել, բայց ափսոս անոր յոգնած ու տկար մարմինը յանձնուեցաւ մահին։

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էր հոծ բազ-մութիւն մը։ Տխուր էին բոլորը․ընտանիքը, ծնողքը, քոյրերը, հարազատները եւ բարեկամները այնտեղ էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցանելու, որոնք թաց աչքերով, ճանապարհ

դրին սպիտակ դագաղը, ուր երկար տառապանքներէ ետք անոր անշնչացած մարմինը կը հանգչէր։

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր ամուսնոյն եւ զաւակներուն, ծնողքին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։

Սիրելի Արփի հողը թեթեւ գայ ։

Երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խա-ղաղօրէն ննջէ։

Խունկ ու մոմ՝ անթառամ յիշատակիդ։

«Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»։

 

 

Սգակիր մը

 

Սոյն գիրը լոյս տեսած է Պէյրութի «Արարատ»ին մէջ