image

Արմէն Չարչեան հրաժարած է պատգամաւորական լիազօրութիւններէն. Զինք պիտի փոխարինէ Միհրդատ Մադաթեանը

Արմէն Չարչեան հրաժարած է պատգամաւորական լիազօրութիւններէն. Զինք պիտի փոխարինէ Միհրդատ Մադաթեանը

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանը մանթատը վար դնելու դիմում ներկայացուցած է Ազգային ժողովի նախագահին։

Տեղեկութիւնն Aysor.am-ին յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահի մամուլի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեանը։

Հաղորդուած է նաեւ, որ Արմէն Չարչեանի փոխարէն մանթատը պիտի վերցնէ Միհրդատ Մադաթեանը։

«Հայաստան» դաշինքի անդամ,  հոգեբան Միհրդատ Մադաթեանը ըսած է, որ պիտի վերցնէ  պատգամաւորական մանթատը եւ այն պիտի ծառայեցնէ իշխանափոխութեան։

«Այսօր մի առաքելութիւն կայ, որն անում ենք` այս իշխանութիւներին հեռացնելն է։ Ես եւս այդ օրակարգով եմ գալիս խորհրդարան»,- աւելցուցած է ան։