Բացի սրտի խնդրէն, «Իզմիրլեան» Բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, փրոֆեսոր Արմէն Չարչեանի մօտ օրեր առաջ ախտորոշուած է թոքաբորբ, անոր վիճակը ծանր է: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Չարչեանի փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանը:
«Այս պահին Չարչեանը գտնուում է Քանաքեռ- Զէյթուն բժշկական կեդրոնում: Խափանման միջոցի հարցով երկու անգամ եմ դիմել դատարան` հրատապ նիստ հրաւիրելու կապակցութեամբ, նաեւ Օգոստոսի 24-ին երբ ստացայ բժշկական նոր փաստաթղթեր նրա վիճակի մասին կրկին դիմեցի հրատապ նիստ հրաւիրելու միջնորդութեամբ, բայց մինչ օրս դատարանից լուր չկայ»,-ըսած է փաստաբանը, աւելցնելով, որ Չարչեանի նկատմամբ քաղաքական հետապնդում կ'իրականացուի:
Նշենք, որ Արմէն Չարչեանը Օգոստոսի 24-ին տարած է սուր կաթուած, ունի ծանր շաքարային հիւանդութիւն, որ ուղղակի անհամատեղելի է կալանքի հետ, եւ այս անհամատեղելիութիւնը կը հաստատուի Կառավարութեան 825Ն որոշմամբ: