image

Արմէն Աշոտեանի կալանքը երկարաձգուեցաւ

Արմէն  Աշոտեանի  կալանքը երկարաձգուեցաւ

ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի խափանման միջոց կալանքը երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։ 11 հոկտեմբերին նման որոշում կայացուց ՀՀ հակակոռուպցիոն դատարանը:

Նշենք, որ Արմէն Աշոտեանի փաստաբանները միջնորդութիւն ներկայացուցած էին փոխելու խափանման միջոց կալանքը:

«Մեղադրեալ Արմէն Գէորգի Աշոտեանի  նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց կալանքի ժամկէտը երկարացնել 3 ամիս ժամկէտով՝ մինչեւ 2024 թվականի յունուարի 15-ը»,- դատարանէն ներս յայտարարած է դատաւոր Վահէ Դոլմազեանը։