ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանին մեղադրանք ներկայացուած է պաշտօնէական դիրքի չարաշահման, որ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ, եւ փողերու լուացման յատկանիշներով։ Այս մասին 16 նոյեմբերին, Քննչական կոմիտէէն դուրս գալէ ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Արմէն Աշոտեանի փաստաբան՝ Տիգրան Աթանէսեանը։
«Թէ ո՞ւմ փողերն է լուացել, ինչո՞ւ է լուացել, ո՞վ է այդ փողերը կեղտոտ դարձրել... սա ոչ թէ իրաւական նոնսենս չի, այլ նախնադարեան ինչ–որ մակարդակ է, որտեղ իրաւունք ունէր նա, ով քար ունէր։ Ես չեմ կարող մեկնաբանել այս գործը, այն աղերս չունի քրէաիրաւական գիտութեան հետ։ Այս որոշման իսկական հեղինակները ճիշդ կ'անեն իրենց դիպլոմները վառեն եւ հողագործութեամբ զբաղուեն, կարող է աւելի շատ օգուտ տան, չնայած կասկածում եմ։ Սա քաղաքական հետապնդում է»,– ըսած է փաստաբանը։
Արմէն Աշոտեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը երկրէն չհեռանալու մասին։
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան դիմատետրեան իր էջէն յայտնած է, որ իրեն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ անձնագրային ստուգման փուլին արգիլած են լքել Հայաստանը, նշելով, որ ան մեղադրեալ է ինչ–որ գործով։
Արմէն Աշոտեանը պէտք է մեկնէր Լիզպոն՝ մասնակցելու ԵԺԿ Քաղաքական համաժողովին։
Իր նկատմամբ հնարաւոր քրէական հետապնդում յարուցելու մասին Արմէն Աշոտեանը յայտնած էր դեռ 5 նոյեմբերին։ Անոր խօսքով` իշխանութիւնները ՀՀ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանի ձեռքով որոշած են անդրադառնալ չորս տարուան վաղեմութեան գործի մը, որու ծիրէն ներս տարբեր մարդոց հարցաքննած են, սակայն ապարդիւն։