Միացեալ Նահանգներու Եէյլի համալասարանի (Yale University) հրաւէրով`Մաքմիլան կեդրոնին մէջ, այդ շարքին` ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագրով (Yale Genocide Studies Program) ՀՀ մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան, «Թաթոյեան» հիմնադրամի հիմնադիր Արման Թաթոյեանը քննարկած է արցախահայութեան արժանապատիւ, անվտանգ ու ապահով վերադարձի հիմնարար նշանակութիւնը, հայերու նկատմամբ Ատրպէյճանի ցեղապաշտութեան ու թշնամանքի, հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը:
Սիւնիքի Կապան համայնքի Ներքին Հանդ գիւղի օրինակով ներկայացուցած է հայ բնակիչներուն Ատրպէյճանի դիտաւորութեամբ պատճառած տառապանքներու, ինչպէս նաեւ փետրուար 13-ին Հայաստանի զինծառայողներու սպանութիւններու փաստերը: