Նախկին ՀՀ մարդկանց իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Դաւիթ Անանեան եւ արտադրող Ռուբէն Մխիթարեան առաջիկային նոր կուսակցութիւն պիտի բանան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Հրապարակ» օրաթերթը։
Նշուած է, որ սկզբնական փուլին գուցէ այդ ներկայացուի իբրեւ նախաձեռնութիւն։
«Աւելի քան երեք ամիս է` եռեակը ակտիվ (աշխոյժ) քննարկումների մէջ է՝ հայաստանեան քաղաքական ներկապնակը նոր՝ տեխնոկրատների (գիտարուեստի փորձագէտ) թիմով համալրելու նպատակով։ Մեզ ասացին, որ մինչեւ Սրբազան պայքարի սկսուելը անգամ կուսակցութեան ծրագիրն էր պատրաստ»,- գրած է թերթը:
Ե՛ւ Մխիթարեանը, ե՛ւ Թաթոյեանը, ե՛ւ Անանեանը աշխուժօրէն մասնակցած են նաեւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման, Մխիթարեան նաեւ երաժշտութիւնը գրած է։
Թերթը յայտնած է, որ գուցէ եռեակը աշնան ազդարարէ նորամուտի մասին եւ չնայած անոնցմէ առնուազն երկուքին անունը կապուած է Սերժ Սարգսեանի փեսայի` Միքայէլ Մինասեանին հետ (որու դէմ նոր քրէական հետապնդում սկսած են), սակայն անոնց մօտիկ աղբիւր մը վստահեցուած է, որ նոր ուժը որեւէ նախկին ուժի, խումբի կամ անհատի հետ կապ պիտի չունենայ։