Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն հետ կապուած, The Guardian անգլիական պարբերականը հարց բարձրացուցած է, «Արդեօք ուքրանացիները աւելի արժանի են կարեկցութեան քան իրաքցիներն ու աֆղանները»:
Պարբերականը անդրադարձած է այն մեկանաբանութիւններուն, որոնք պատերազմի այս օրերուն կը հնչեն, եւ կը համարեն, որ Ուքրանիան քաղաքակիրթ երկիր է եւ կը տարբերի այլ երկիրներէ, որոնք կը տառապին պատերազմէ:
Անդրադառնալով անգլիական CBC-ի թղթակից՝ Չարլի Տակաթայի այն խօսքին, թէ «Ուքրանիան Իրաքի մը կամ Աֆղանիստանի մը պէս չէ, ան մասամբ քաղաքակիրթ երկիր է», պարբերականը նշած է «ուրեմն ուքրանացիք ի տարբերութիւն իրաքցիներու եւ աֆղաններու աւելի՞ արժանի են կարեկցութեան քան վերջիններս»: Այս մեկանաբանութիւնը զայրոյթի ալիք տարածած էր համացանցով ընդդէմ Տակաթայի, որ անմիջապէս ներողութիւն խնդրած էր:
Ապա պարբերականը աւելցուցած է, թէ Տակաթան միակը չէ, որ 24 Փետրուարէն ի վեր, երբ Ռուսաստան սկսաւ պատերազմը Ուքրանիոյ դէմ, կ'արտայայտէ այսպիսի ազգայնամոլական միտքեր: Ուքրանիոյ նախկին դատախազը նաեւ ըսած է «Ցաւալի է տեսնել թէ դեղին մազերով եւ կապտաչեայ եւրոպացիներ կը սպաննուին ամէն օր»:
Աղբիւրը նաեւ նշած է լրագրող՝ Ֆիլիփ Քորպիի արտայայտութիւնը,- «Մենք հիմա չենք խօսիր սուրիացի փախստականներու մասին, որոնք փախած են Փութինի աջակցած սուրիական համակարգէն, այլ կը խօսինք եւրոպացիներու մասին, որոնք իրենց կեանքը փրկելու համար կը փախչին մեր ինքնաշարժներուն նման ինքնաշարժներով»:
Պաբերականը յիշած է «Թելեկրաֆ» թերթի յօդուածը, ուր գրուած է,- «Անոնք շատ նման են մեզի, ինչ որ հարցը աւելի ցնցիչ կը դարձնէ: Ուքրանիան եւրոպական երկիր է: Անոնք կը դիտեն Նէթֆլիքս եւ Ինսթըկրամի օգտատէրեր են: Անոնք կը մասնակցին ազատ ընտրութիւններու եւ կը կարդան անկախ թերթեր: Պատերազմը այլեւս աղքատներունը չէ միայն»:
Ըստ պարբերականին՝ այս բոլոր նշուած փոքր մանրամասնութիւնները՝ ինքնաշարժ, Նէթֆլիքս կամ Ինսթակրամ չեն համարուիր մարդկային կարեկցութիւն տառապեալ ժողովուրդի մը: Ճիշդ հակառակը: Ասոնք ցեղապաշտական մեկնաբանութիւններ են, որոնք պատերազմի լուսաբանական լուրերուն մէջ կը ձգեն ամօթալի հետքեր: «Ներքին իմաստը հետեւեալը կը թելադրէ: Պատերազմը բնական երեւոյթ է «գունաւոր» մարդոց համար: Բայց ճերմակամորթները խաղաղութեան մարդիկ են:»
«Ինչ որ աւելի մտահոգիչ է»,- շարունակած է The Guardian, «Այս տեսակի պատերազմական լուսաբանութիւնները, որոնք ցեղապաշտական հակումներ ունին, կ'անցնին մեր հեռատեսիլներէն եւ մամուլէն անդին հասնելով հեշտութեամբ քաղաքականութեան»: Լեհաստանի ներքին գործոց նախարարը յայտարարած է «որեւէ մէկը, որ կը փախչի ռուսական հրացաններէն, կրնայ ստանալ Լեհաստանի աջակցութիւնը»: Իսկ Նիճերիան բողոքած է, թէ Ուքրանիոյ մէջ արգիլած են ափրիկեցի ուսանողներուն հասնիլ Լեհաստանի սահմանը:
Յօդուածին մէջ ընդգծուած է, «ըստ երեւոյթին այդ լրագրողներն ու քաղաքական գործիչները կ'ուզեն անտեսել, որ ապաստան տալը պէտք չէ հիմնուի մաշկի գոյնին կամ նմանութեան վրայ: Եթէ կարեկցինք մարդոց պարզապէս որովհետեւ մեզի կը նմանին կամ մեզի պէս կ'աղօթեն, կը նշանակէ մենք կը կրկնօրինակենք այն նեղ մտածելակերպը, որ կը քարոզէ պատերազմը:
Փախստական կարգավիճակ եւ ապահով կեանք տալը պէտք է բացառաբար հիմնուած ըլլայ անմեղները ու անպաշտպանները օգնելու միտքին վրայ, այս պէտք է ըլլայ փախստականներուն ապաստան տալու գաղափարին հիմնական սկզբունքը: Այսօր ուքրանացիք կ'ապրին մահուան սպառնալիքով, եւ պէտք է անոնց տրամադրենք ապահով ապաստան երբ եւ ինչպէս որ կարենանք:
Եթէ որոշեցինք օժանդակել ուքրանացիներուն, որոնք կարիքի մէջ են, որովհետեւ մեզի կը նմանին կամ որովհետեւ մեզի պէս կը հագնին կամ մեզի պէս կ'աղօթեն, եւ եթէ այդ օժանդակութիւնը սահմանափակուած է ուրիշները զրկելու հաշւոյն, ուրեմն ոչ միայն սխալ պատճառներ կ'ընտրենք աջակցելու ուրիշին այլ նաեւ կը հրաժարինք քաղաքակրթութենէն եւ կ'ընտրենք բարբարոսութիւնը»,- եզրափակած է The Guardian:
Նիւթը «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ. Գ.