image

Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Ս. Բաբայեան հանդիպած է Արցախցիներու հետ

Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Ս. Բաբայեան հանդիպած է Արցախցիներու հետ

Երէկ՝ 5 հոկտեմբերին,Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան կեդրոնի տարածքին մէջ «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեան հանդիպած է խումբ մը քաղաքացիներու հետ:

«Արցախփրէս»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ Սամուէլ Բաբայեան նախ նշած է, որ հանդիպման նպատակն Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, խնդիրները քննարկելն է եւ լուծման ուղիներ գտնելը՝ երկիրը օրհասական դրութենէն դուրս բերելու եւ հայրենիքին տէր կանգնելու համար: «Արցախը չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում: Դրան մենք պէտք է առաջին հերթին հասնենք իրաւական ճանապարհով, որովհետեւ Արցախն ունեցել է իր անկախութեան հռչակման բոլոր իրաւունքները՝ օրէնքներով ու պատմական փաստերով: Սովետական Միութիւնից դուրս ենք եկել, հանրաքուէի միջոցով, հռչակել ենք անկախ պետութիւն, բայց դրանից յետոյ որեւէ քայլ չենք կատարել՝  այն իրացնելու  իրաւական դաշտում: Որեւիցէ ժամանակ Արցախը չի եղել անկախ Ատրպէյճանի մաս եւ  չի կարող լինել: Մենք պէտք է մտնենք միջազգային դատարան, եւ կարողանանք մեր անկախութեան իրաւունքը ամրագրել»,-ըսած է Ս. Բաբայեան:

Ան անդրադարձած է նաեւ Արցախի տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ բանակի հզօրացման՝ շեշտելով, որ ըստ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան՝ ցանկացած ժողովուրդ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի:

Սամուէլ Բաբայեանի խօսքով՝ Արցախի մէջ պէտք են սահմանադրական փոփոխութիւններ եւ շարունակել պետականակերտման ճանապարհը: Հանդիպման ան պատասխանած է նաեւ ներկաներուն յուզող հարցերուն: