image
Հրատապ լուրեր:

Արցախը առանց կազի է, արդէն 4-րդ օրն ըլլալով

Արցախը  առանց  կազի է, արդէն 4-րդ օրն ըլլալով

Արցախի մէջ Մարտ 8-ի գիշերը վնասուած կազատարի վերականգնողական աշխատանքները չեն սկսած:

Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեան ըսաւ, որ ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն բանակցութիւները ատրպէյճանական կողմին հետ:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 8-ին «Արցախկազ» ԲՓԸ–ն տեղեկացուցած էր, որ մայրուղային բարձր ճնշման կազատարի վնասման պատճառով Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ խափանուած է կազամատակարարումը: Նշուել էր, որ գիշերը ժամը ` 01:00-ի սահմաններուն, Շուշի-Զառիֆլու բնակավայրերի տարածքին տեղի ունեցած է արկած, որու հետեւանքով վնասուած է մայրուղային բարձր ճնշման կազատարը:

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը  խոչընդոտներ կը յարուցեն կազատարի արկածի վայր հասանելիութեան եւ վերականգնողական աշխատանքներ իրականցնելու համար: 

Արցախի մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու եւ իրաւապահ մարմինների հետ քննարկումներու արդիւնքով պարզուած է, որ կազատարը վնասուած է այն հատուածին մէջ, որ կը գտնուի ատրպէյճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ: