ԼՂՀ- «Արեւելք»ի աղբիւրներէն վերահասու կը դառնանք, որ Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան ընդունած է այցելութիւնը օրերս Հայաստան եւ Արցախ այցելող խումբ մը Մելգոնեանցիներու: Ըստ նախնական տուեալներու, նախկին Մելգոնեանցիները վարչապետին հետ քննարակած են հայութիւնը յուզող տարբեր հարցեր: Սեղանին դրուած է նաեւ Կիպրոսի ՀԲԸՄ Մելգոնեան վարժարանի հիմնախնդիրը: «Արեւելք» յառաջիկայ օրերուն կը խոստանայ այս հանդիպման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել իր ընթերցողներուն: