15-ի Փետրուար ժամը 16:15-ի սահմաններուն, Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ հակառակորդի զինծառայողները խախտած են հրադադարի պահպանման ռեժիմը, որու հետեւանքով հրազէնային գնդակային վիրաւորում ստացած է ՊԲ ժամկէտային զինծառայող Խաչատուր Գագիկի Խաչատրեան: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակէն։
Զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի կայուն-ծանր: Ներկայիս մարտավարական իրադրութիւնը շփման գօտիին վրայ տուեալ հատուածին մէջ կայուն է: