Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը նամակով դիմած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանին՝ խնդրելով ուսումնասիրել Արցախի պաշտօնեաներու կողմէ յանցագործութիւններ կատարելու մասին համացանցի հրապարակումները։
«Հաշուի առնելով, որ վերջին ժամանակներս համացանցում, մասնաւորապէս, սոցիալական ցանցերում առանձին օգտատէրերի կողմից լայն տարածում են ստացել Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնատար անձանց կողմից առերեւոյթ յանցագործութիւններ կատարելու մասին հրապարակումներ եւ՝ հանգամանքը, որ Արցախի իշխանութիւնները շահագրգռուած են պաշտօնատար անձանց կողմից կատարուած հնարաւոր չարաշահումները բացայայտելու եւ մեղաւոր անձանց պատասխանատւութեան ենթարկելու հարցում՝ նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը նամակով դիմել է ՀՀ գլխաւոր դատախազին՝ խնդրանքով, որ նմանատիպ հրապարակումները ՀՀ դատախազութիւնն ընդունի որպէս յանցագործութեան մասին հաղորդումներ եւ դրանք քննութեան առնի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով»,-ըսուած է Արցախի տեղեկատուական շտաբի յայտարարութեան մէջ։