image

Արցախի մէջ զօրահաւաքով ծառայութեան մեկնածները զօրացրուած են

Արցախի մէջ  զօրահաւաքով ծառայութեան մեկնածները զօրացրուած են

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագրով` 3 օգոստոսին յայտարարուած մասնակի զօրահաւաքի շրջածիրէն ներս ծառայութեան զօրակոչուած քաղաքացիները զօրացրուած են, այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։

«Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ստորագրել է հրամանագիր 2022 թուականի 3 օգոստոսին յայտարարուած մասնակի զօրահավաքի շրջանակում զինուորական ծառայութեան զօրակոչուած քաղաքացիների զօրացրում կատարելու մասին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ 3 օգոստոսէն Արցախի մէջ մասնակի զօրահաւաք կ'իրականացուէր։

Յիշեցնենք` 3 օգոստոսին ժամը 09։00-էն ատրպէյճանական ստորաբաժանումները թիրախաւորած են ՊԲ մարտական դիրքերն ու զօրամասերէն մէկու մշտական տեղակայման վայրը՝ կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատես ակներ, ականանետներ, նռնականետներ եւ հարուածային ԱԹՍ-ներ։ Հայկական կողմն ունի 2 զոհ եւ 19 վիրաւոր: