image

Արցախի մէջ. Ապահովական խախտումներ չկան. Ռուսիոյ ՊՆ

Արցախի մէջ. Ապահովական խախտումներ չկան. Ռուսիոյ ՊՆ

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ քսանեօթը դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկման եւ կրակի դադրեցմանպահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:

Կը նշուի, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած:

«Պարեկութիւն կատարուած է Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ:

Խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետական եւ սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն ստուգել եւ մաքրել տարածքը ականներէ եւ չպայթած զինամթերքէ: 

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: