image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մանկապարտէզները կը շարունակեն մնալ փակ

Արցախի մանկապարտէզները կը շարունակեն մնալ փակ

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակուելու հետեւանքով նախադպրոցական հաստատութիւններուն եւ հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ուսումնական գործընթացը 16 յունուարէն պիտի կազմակերպուի հետեւեալ կարգով.

Նախադպրոցական հաստատութիւններու եւ երկարօրեայ ռեժիմով աշխատող դպրոցներու աշխատանքը սնունդի ոչ բաւարար մատակարարման պատճառով պիտի շարունակուի մնալ կասեցուած։

Հանրակրթական դպրոցներու նախադպրոցական խումբերու դասագործընթացը պիտի կազմակերպուի ժամը 9:00-էն մինչեւ 13:00-ն՝ առանց սնունդի։

Հանրակրթական դպրոցներու 1-2-րդ դասարանի աշակերտներու դասերը պիտի վերսկսին 16 յունուարէն՝ տարուան ուսումնական ծրագրով հաստատուած ժամկէտէն մէկ շաբաթ շուտ։

Արձակուրդային շաբթուան օրերը պիտի վերաբաշխուին գարնանային եւ ամառային արձակուրդներու վրայ։

3-12-րդ դասարաններու ուսումնական գործընթացը պիտի կազմակերպուի բնականոն հունով։

Նախադպրոցական հաստատութիւններու եւ երկարօրեայ ռեժիմով աշխատող դպրոցներու դադրեցուած դասագործընթացի վերսկսման վերաբերեալ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն: