image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի խնդրով. Ֆրանսան ՄԱԿ-ին բանաձեւի նախագիծ պիտի ներկայացնէ

Արցախի խնդրով. Ֆրանսան ՄԱԿ-ին բանաձեւի նախագիծ պիտի ներկայացնէ

Ֆրանսան կը պատրաստուի ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդ բանաձեւի նախագիծ ներկայացնել`ատրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով սովամահութեան եզրին կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի 120 000 բնակիչներուն օգնութիւն տրամադրելու մասին: Այս մասին յայտնած է ֆրանսական Le Figaro-ն։

Հրապարակման մէջ նշուած է նաեւ, որ Փարիզը եւ Ֆրանսայի խոշոր շրջանները յաջորդ շաբաթ մարդասիրական շարասիւն պիտի ուղարկեն Հայաստան` Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան հասցնելու համար։