image

Արցախի Կառավարութիւնն ու Կարմիր Խաչը կը զբաղուին Հելէն Դադայեանի դիի տեղափոխման հարցով

Արցախի Կառավարութիւնն ու Կարմիր Խաչը կը զբաղուին Հելէն Դադայեանի դիի տեղափոխման հարցով

Ե՛ւ Արցախի կառավարութիւնը, ե՛ւ Կարմիր խաչն այս պահուն կը զբաղին Շիրակի մարզի ողբերգական արկածէն զոհուած Հելէն Դադայեանի դին տեղափոխելու փաստաթուղթերով։

 

Այս մասին յայտնած է Հելէն Դադայեանի մայրը՝  Ալվարդ Սաֆարեան։

«Այս պահին ես ոչինչ չեմ կարող ասել, թէ այդ քայլերն արդիւնք կու տան, թէ՝ ոչ, ադրբեջանական կողմը համաձայնութիւն կու տայ դին տեղափոխել, թէ՝ ոչ։ Երէկուայ տուեալներով ինձ ասել են, որ փաստաթղթերն են պատրաստում։ Ես այս պահի դրութեամբ չեմ կարող որեւէ գնահատական տալ»,- ըսած է Հելէնի մայրը՝ յոյս յայտնելով, որ իշխանութիւններն ու պատկան մարմինները կ'օգնեն, որպէսզի 21-ամեայ դստեր դին Արցախ տեղափոխուի։

Յիշեցնենք, որ 14 օգոստոսին,  Շիրակի մարզի Լանջիկ գիւղի վարչական տարածքը բախուած են «Volkswagen» մակնիշի ուղեւորափոխադրող հանրակառքը եւ 33-ամեայ Հ.Պ.–ի վարած «ZIL» մակնիշի բեռնատարը։ Արկածի զոհ գացած է 11 մարդ, 6 հոգի վիրաւորուած։ Անոնք կը վերադառնէին Արեւմտեան Հայաստանէն։

Զոհերէն մէկը 21-ամեայ Արցախի ճարտար քաղաքէն Հելէն Դադայեանն էր։ Ան կ'ուսանէր եւ կ'աշխատէր Եւրասիա Համալսարան։ Անոր  ընտանիքը Արցախի մէջ շրջափակման մէջ է, ծնողները կը ցանկան տեղափոխել աղջկան մարմինն ու յուղարկավորել։

Նշենք  նաեւ, որ շրջափակուած Ստեփանակերտի մէջ՝ Կարմիր խաչի գրասենեակի դիմաց, բողոքի հաւաք իրականացուցած էր Հելէնի մայրը՝ պահանջելով աղջկան դին տեղափոխել Արցախ։

Աւելի վաղ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին յայտնած էր, որ կը փորձեն շարունակել երկխօսութիւնը Հելէն Դադայեանի աճիւնի տեղափոխութեան շուրջ՝ յոյս ունենալով, որ կողմերու համապարփակ համաձայնութիւն կ'ըլլայ տեղափոխութեան շուրջ, որպէսզի իրենք ալ կարողանան իրենց գործողութիւնը կատարել։

Յիշեցնենք նաեւ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեան յայտնած էր, որ Ատրպէյճան կը հրաժարի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով Հելէնի մարմինը տեղափոխել հայրենիք՝ յուղարկաւորելու համար: