image

«Արցախի արի նահատակ» Յուշաքարի զետեղում ի յիշատակ Գէորգ Հաճեանի

«Արցախի արի նահատակ» Յուշաքարի զետեղում ի յիշատակ Գէորգ Հաճեանի

Հայաստանի «Պռոշեան» շրջանին մէջ այսօր զետեղուած է յուշաքար ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին նահատակուած՝ Գէորգ Հաճեանին։

Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուց Երեւանի մեր թղթակիցը։

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ յուշագարը աշխատանքն է հայրենի արուեստագէտ Վարազդատ Համբարձումեան , որ ներկայ եղած է արարողութեան եւ անձամբ տեղադրած է յուշաքարը։

Գէորգի ընտանիքի անդամներուն՝ տիկնոջ Ֆրիտայի , եւ որդւոյն ՝ Թաթուլի կողքին  մտերմիկ միջոցառման ներկայ եղած են Գէորգի հարազատ ընկերները, եւ ներկաներէն շատերը իրենց սրտի խօսքը հնչեցուցած են այս առթիւ։ 

Այսպէս հերթաբար խօսք առած Գէորգի մանկութեան ընկեր ՝ Թոմիկ Այնթէպլեան, Գանատահայ ազգային գործիչ՝ Յակոբ ճանպազեան, Երաժիշտ եւ հանրայայտ մեկնաբան Գէորգի ուսուցիչ ՝ Բարսեղ Թումանեան, երաժշտագէտ եւ Գէորգի գործակից Գոհար Շակոյեան, տարբեր ժամանակներու Գէորգի գաղափարի ընկեր Սիմոն Գաֆալեան եւ աւարտին իր սրտի փոխանցած է նահատակի որդին՝ Թաթուլ Հաճեան։

Միջոցառման ընթացքին նաեւ երգով հանդէս եկած է Նանէ Այնթէպլեանը, որ տարբեր առիթներով ընկերակցած ու երգած է նահատակ Հաճեանին հետ։

Նշենք, որ նախքան յուշաքարի զետեղումը ներկաները բարձրացան են Պռոշեանի ՀՅԴ նահատակներու պանթէոն ու յարգած բոլոր նահատակներուն յիշատակը։

Գէորգի ընտանիքի անդամները որոշած էին այս յուշաքարը տեղադրել նահատակի ծննդեան օրը (Յուլիս ամսուան ընթացքին), սակայն պայմաններու բերումով յարմար եղած է այն տեղադրել այսօր ՝ Խաչվերացի օրը, դառնալով խորհրդանիշ Տէրոջ Խաչին ու Յարութեան խորհուրդին։

Շատ գրուած է, խօսուած է ու դեռ ալ պիտի խօսուի Գէորգ Հաճեան մարդուն, արուեստագէտին, գաղափարի զինուորին ու նաեւ քաջարի մարտիկին մասին։ 

Գէորգը իր կեանքով, խօսքով, երգով ու խօսքով ուրոյն տեղ ունէր մեր բոլորին համար։ 

Ուրոյն, սակայն պարզ. Իւրայատուկ, սակայն համեստ, բառին բոլոր դրական իմաստներով ու այդպէս ալ պիտի յիշատակուի դառնալով վեհ կերպար ու օրինակ բոլոր սերունդներուն։

Գէորգը յիշատակելով, անոր անունը շեշտելով ու անոր յիշատակին աղօթք մը ըսելով մենք նաեւ յարգած պիտի ըլլանք Արցախի մէջ ինքնամոռաց կերպով ինկած, բայց չմեռած բոլոր նահատակներուն յիշատակը։

Յիշատակդ անմառ ըլլայ մեր բոլորին սիրելի Գէորգ։ 

Յաւերժ խոնարհում քու անուանդ, տեսակիդ ու նուիրումիդ առջեւ։

Աւարտին նշենք, որ այս օր ալ յայտարարուած է «Գէորգ Հաճեան հիմնադրամ»ի հիմնման պաշտօնական լուրը, որ պիտի զբաղուի մշակութային ոլորտին մէջ տարբեր մակարդակի միջոցառումներու կազմակերպմամբ այդպիսով խթան հանդիսանալով այն երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք կոչումն ու սէրը ունին հայ հոգեւոր եւ ազգային երգերուն տարածման։

 «Արեւելք»