Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր կը դարձաւ 24 տարեկան: 2 Սեպտեմբեր 1991-ին անկախութիւն հռչական նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը վերակոչուեցաւ ու դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Մեծ զոհողութիւններով եւ հերոսական կեցուածքներով կերտուած անկախութիւնը ամէնէն թանկ, ամէնէն հզօր եւ ամէնէն մնայուն արժէքն է ոչ միայն Արցախցի ժողովուրդին այլ բոլոր հայերուն համար: Մեր պատմութեան «կանգնած անիւ»ը շրջելով արցախցիները ըսին իրենց խօսքը եւ ամրագրեցին իրենց ինքնորոշման իրաւունքը: Այդ իրաւունքին համար անոնք տարբերութիւն չդրին զոհողութեան եղանակներուն միջեւ: Դարձան զինուոր, ռազմիկ, հերոս եւ նահատակ: Անոնք քաջ կը գիտակցէին, որ դարերու անկումներէն ու թողլքումներէն, պարտութիւններէն ու նահանջներէն ետք այլ ելք չկայ:
Անոնց հարուածը հատու էր եւ խօսքը կը դառնար նուիրական:
Արցախի անկախութիւնը եւ ազատութիւնը անսակարկելի են: Այդ մասին կը վկայեն բոլոր արցախցիները:
Այդ մասին կը վկայէ արիւնով շաղախուած Արցախի հողը եւ անոր վեհ ու սիգապանծ անպարտելի լեռները:
Արցախի անկախութեան տօնը միանգամայն բոլոր ազատատենչ եւ հայրենասէր հայերու տօնն է:
Անկասելի, աննանահջ եւ անսակարկելի արժէքներով ուռճացած ու ծով զոհողութիւններով ամրացած տօն: