Ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները անհանգստացած են, թէ ինչու Թուրքիան ատրպէյճանական դատարանի դատին չի յանձներ Արցախի Հանրապետութիւն այցելած 4 թուրք մտաւորականները: Այս մասին գրած է թուրքական «Aydınlık» թերթի կայքը:
Ատրպէյճանի «Ժամանակակից մարտավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի» նախագահ Սեյմուր Սուլէյմանով իր գրաւոր մտահոգութիւնը յայտնած է թրքական թերթին՝ նշելով թուրք մտաւորականներու ղարաբաղեան այցէն ծագած ճգնաժամի մասին: Սուլէյմանով նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ մեծ հիասթափութիւն առաջացուցած է այն հանգամանքը, որ Թուրքիան չարտահանձներ 22 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասը, գրող Սաիթ Չեթինօղլուն, լրագրողներ Ալի Բայրամօղլուն եւ Էրոլ Քաթըրճրօղլուն:
«Ատրպէյճանի այսօրուայ օրակարգին մէջ այն հարցն է, թէ ինչու Թուրքիան, որուն եղբայր կը համարենք, դեռ մինչեւ օրս չէ արտայանձնած իր 4 քաղաքացիները»,- գրած է Սուլէյմանով, յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է վերոնշեալ 4 թուրք մտաւորականներու դէմ եւ Թուրքիայէն պահանջած է արտայանձնել այդ անձանց: «Աւաղ, Ատրպէյճանը այս հարցին մէջ շատ վիրաւորուած է: Ամենամտերիմ ընկեր ու եղբայր Թուրքիայէն անյապաղ արտայանձնում կ'ակնկալուէր: Բայց Անգարան, չես գիտեր ինչու, շատ սառն կը վերաբերի դէպքին հետ: Ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներուն կողմէն վերջին շրջանին ամէնէն յաճախ օգտագործուող արտայայտութիւնը «Թուրքիայէն նման բան չէինք սպասեր» արտայայտութիւնն է», – գրած է ատրպէյճանցի գործիչը:
Սուլէյմանով յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը կը սպասէ թուրք գործիչներու արտայանձնումը եւ յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ այս խնդիրը շուտափոյթ հանգուցալուծում կը ստանայ: