Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, 21 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ հանդիպած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր եւ նախագահ, բարերար Սամուէլ Կարապետեանին։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Արցախի մէջ իրականացուած մարդասիրական ծրագրերուն համար՝ նախագահ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ յետպատերազմեան ժամանակահատուածի խնդիրները արագ եւ արդիւնաւէտ յաղթահարելու համար շատ կարեւոր է սփիւռքահայութեան կողմէ գործնական ու շարունակական քայլերու իրականացումը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ընկերատնտեսական ոլորտին վերաբերող խնդիրներ: Սամուէլ Կարապետեան նշած է, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր կը գտնուի արցախահայութեան կողքին եւ յառաջիկային եւս կը պատրաստուի մեծածաւալ ծրագրեր իրականացնելու` ուղղուած Արցախի վերազարթօնքին:
Հանդիպման կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեանը։