Մեկնարկած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի այցը Վրաստան: Այս մասին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը։
Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կայացած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլեա Տարչիաշվիլիի հետ առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։
«Օրակարգում են երկու երկրների միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի, երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերում համագործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները:
Հանդիպման արդիւնքներով նախարարները հանդէս կը գան մամուլի համար յայտարարութիւններով»,- նշուած է գրառման մէջ:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ յուլիս 3-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցով պիտի գտնուի Թիֆլիս, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Վրաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: