image

Արամ Վարդեւանեան կը հրաժարի իր լիազօրութիւններէն

Արամ Վարդեւանեան կը հրաժարի իր լիազօրութիւններէն

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը մանտաթը վար կը դնէ, ան դիմատետրեան իր էջով յայտնած է որոշման մասին։

«Այսօր ներկայացնելու եմ պատգամաւորի մանտաթից հրաժարուելու իմ դիմումը: Այս մասին պարզ ու անկեղծ քննարկում եմ ունեցել գործընկերներիս հետ: Սա իմ անձնական որոշումն է՝ յարգելով, ի հարկէ, գործընկերներիս քայլերն ու գործողութիւնները։ Ուժերիս ներածին չափ աջակցելու եմ պատգամաւոր ընկերներիս եւ մեր գործընկերներին»,– գրած է Վարդեւանեան։

Անոր խօսքով` մեծ պատասխանատւութիւն եւ պատիւ էր ըլլալ աշխոյժ քաղաքականութեան մէջ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ խմբակիցներու հետ:

«Ես պայքարել եմ եւ պայքարելու եմ՝ դեռ իրեն սպասեցնող հանգուցալուծման համար։ Հաւատում եմ, որ այն չի ուշանայ եւ հնարաւոր կը լինի կառուցել իսկապէս անվտանգ երկիր՝ ամուր սահմաններով ու համախմբուած հասարակութեամբ, պահպանելով մեր Արցախը, հասնելով մեր նոր ու մեծ երազանքին։ Ինձ համար այս հարցում ոչինչ չի փոխուել եւ չի փոխուելու»,– ըսած է ան։

Վարդեւանեան յայտարարած է, որ կը վերադառնայ փաստաբանական համայնք. ընելիք շատ կայ:

Յիշեցնենք, որ Վարդեւանեան 2021-ի 20 յունիսին ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած է «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակով: