image

Ապտըլ Լահիան Մոսկուայի մէջ կարեւոր յայտարարութիւն կատարեց

Ապտըլ Լահիան Մոսկուայի մէջ կարեւոր յայտարարութիւն կատարեց

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիան, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման նպատակով Մոսկուա ժամանելէ ետք, ըսած է, որ կողմերը պիտի համակարգեն իրենց դիրքորոշումները Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ:

«Մենք կ'ակնկալենք, որ Ռուսաստանը արձագանգէ եւ զգայուն ըլլայ տարածաշրջանի երկիրներու սահմաններուն հնարաւոր փոփոխութիւններուն նկատմամբ», ըսած է Ապտըլ Լահիան, հազիւ Մոսկուա ժամանած:

Բացի այդ, ան յաւելած է. «Կ'ակնկալուի, որ Ռուսիան զգայուն ըլլայ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկիչներու առկայութեան եւ սիոնիստական շարժումներու նկատմամբ, ինչ որ դէմ է խաղաղութեան եւ անվտանգութեան: Հաշուի առնելով իրավիճակը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին եւ Աֆղանիստանի մէջ, մենք լուրջ բանակցութիւններ պիտի ունենանք»:

Ապտըլ Լահիանի այցը Մոսկուա տեղի կ'ունենայ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միմեանց հասցէին հնչող շարք մը քննադատական յայտարարութիւններու եւ Ատրպէյճանի սահմանին մօտ Իրանի զինուած ուժերու զօրավարժութիւններու մեկնարկի լոյսին տակ:

Թեհրան զօրավարժութիւնները կը պատճառաբանէ Ատրպէյճանի տարածքին իսրայէլեան ուժերու ներկայութեամբ: Պաքուն, իր հերթին, մտահոգութիւն կը յայտնէ զօրավարժութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ կը յայտարարէ Արցախ իրանեան բեռնատարներու «անօրինական» մուտքի մասին:

Լաւրովի հետ Ապտըլ Լահիանի բանակցութիւնները նախատեսուած են այսօր՝ 6 Հոկտեմբերին: