Ապտըլ Լահեան. Իրան պատրաստ է գերհզօր ելեկտրակայաններ կառուցել Լիբանանի համար
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան հաստատած է Իրանի պատրաստակամութիւնը` համագործակցութեան կամուրջներ կառուցելու Լիբանանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ, յատկապէս՝ տնտեսական եւ առեւտրային:
Հինգշաբթի օր Պէյրութ ժամանելով, Ամիր Ապտըլ Լահեան ըսած է. «Մօտաւորապէս մէկ ամիս առաջ, Միւնիխի ժողովին վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպման ընթացքին առաջարկած եմ Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Լիբանանի մէջ երկու ելեկտրակայաններու կառուցման՝ իւրաքանչիւր 1000 մեկաուաթ հզօրութեամբ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ոլորտներում մէջ համագործակցելու մեր պատրաստակամութիւնը»:
Ան յաւելած է. «Մենք այսօր Պէյրութի մէջ ենք, քանի որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները գերազանց են, եւ մենք մշտապէս կը խորհրդակցինք լիբանանցի պաշտօնատաներուն հետ երկկողմ յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանային ու միջազգային զարգացումներու շուրջ:
Իրանցի նախարարը ըսած է, որ Պէյրութ կատարած իր վերջին այցէն մինչ օրս «բազմաթիւ փոխակերպումներ տեղի ունեցած են տարածաշրջանին եւ աշխարհին մէջ, ուստի անհրաժեշտ է, որ անոնց առնչութեամբ աւելի մանրամասն խորհրդակցութիւններ կայացնենք Լիբանանի յարգելի պատասխանատուներուն հետ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր հանդիպման ընթացքին պիտի հանդիպի նախագահ Միշէլ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի եւ վարչապետ ՆԵժիպ Միքաթիի հետ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ կուսակցական գործիչներու հետ: