Ապտոլլահեան կարեւորեց շրջանին մէջ երկխօսութիւնը

Ապտոլլահեան կարեւորեց շրջանին մէջ երկխօսութիւնը

Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն ընդգծած են տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ մեխանիզմներու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան խաղաղութեան ճանապարհ հարթելու համար:

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը նշած է, որ խաղաղութեան ապահովման եւ տարածաշրջանային միասնութեան բարելաւման նպատակով տարածաշրջանային մեխանիզմներու աշխուժացման անհրաժեշտութիւն կայ, գրած է tasnimnews.com-ը։

«Բնականաբար, որքան աշխուժացնենք տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափերը, այնքան տարածաշրջանի երկիրները կը շահին ատոնցմէ»,- աւելցուցած է իրանցի նախարարը։