Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկու հարեւաններու միջեւ թիւրիմացութիւնները շտկելու եւ յարաբերութիւններու բնականոն ընթացքն ապահովելու ծրագրերը։ Այս մասին գրած է Tasnim գործակալութիւնը:
Հինգշաբթի երեկոյեան Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը եւ անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովը հեռախօսազրոյցի ընթացքին խօսած են Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու մէջ վերջին զարգացումներու մասին։
Երկարատեւ զրոյցի ընթացքին բարձրաստիճան դիւանագէտներն ընդգծած են խնդիրներու լուծման նպատակով Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գիտարուեստական եւ փորձագիտական պատուիրակութիւններու փոխանակման անհրաժեշտութիւնը։
Ամիր Ապտոլլահեանը եւ Պայրամովը համակարծիք եղած են, որ մետիա մթնոլորտի ճիշդ կառավարումը կառուցողական կ'ըլլայ: Անոնք քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը եւ ընդգծած թիւրիմացութիւնները վերացնելու եւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները դէպի բնականոն հուն ուղղելու անհրաժեշտութիւնը, որ կը համապատասխանէ բարիդրացիութեան եւ փոխադարձ շահերուն։