image

«Ապահովութեան գօտի» ստեղծելու վերաբերեալ Դամասկոսէն ծանր արձագանգ

«Ապահովութեան գօտի» ստեղծելու վերաբերեալ Դամասկոսէն ծանր   արձագանգ

Սուրիան բացարձակապէս չ'ընդունիր «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու մասին թրքական վարչակարգի ղեկավարի յայտարարութիւնները՝ կոչ ընելով այդ յանցաւոր նախագիծերը ֆինանսաւորող երկիրներուն անյապաղ դադրեցնելու սատանայական ծրագիրներու իրագործման ձգտող ռեժիմին աջակցութիւնը։ Սուրիան կը հակազդէ այս դաւադրութեան տարբեր օրինական միջոցներով: Այս մասին ըսուած է Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է SANA լրատուական գործակալութիւնը։

«Սուրիոյ հիւսիսը անվտանգ գօտի ստեղծելու մասին թրքական վարչակարգի ղեկավարի աժան յայտարարութիւններէն յետոյ կը բացայայտուին անոր յարձակողական ծրագիրները Սուրիացի ժողովուրդի եւ երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ»,- ըսուած է Սուրիոյ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

ԱԳՆ-ը պարզաբանած է, որ նման գօտիի ստեղծումը ամենեւին ուղղուած չէ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանային տարածքներու պաշտպանութեան, այլ, ընդհակառակը, կը ծառայէ հիմնական նպատակին՝ գաղութացնել եւ ստեղծել «անվտանգ գօտի» կոչուող պայթուցիկ առաջապահ, որ հիմնականին կ'օգնէ իրականացնելու ահաբեկչական ծրագիրներ ուղղուած Սուրիացի ժողովուրդին դէմ։

Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ «անվտանգ գօտին» իրականութեան մէջ ցեղային զտում է եւ բնակչութեան տեղահանում, վտանգ կը ներկայացնէ անոնց կեանքի, ապագայի համար եւ կը սպառնայ առճակատման յանգեցնել երկու հարեւան երկիրները։ Համաձայն միջազգային իրաւունքի, բնակչութեան տեղահանումը եւ ցեղային զտումները ռազմական յանցագործութիւն են եւ յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ, քանի որ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները եւ բնիկներու արտաքսումը ոտնձգութիւն են քաղաքացիներու իրաւունքներու դէմ:

«Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կառավարութիւնը կտրականապէս կը մերժէ նման գործողութիւններ եւ կոչ կ'ընէ տարածաշրջանային եւ այլ օտարերկրեայ պետութիւններուն, որոնք ներդրումներ կատարած են այդ չարագործութիւնները ֆինանսաւորելու եւ քարոզելու համար, անյապաղ դադրեցնելու աջակցութիւնը թրքական վարչակարգին, որ կը ցանկայ իրականացնել սատանայական յաւակնութիւնները, կանխելու համար այդ ծրագիրներու իրականացումը, որ յղի է տարածաշրջանի եւ աշխարհի համար վտանգներով։

Իւրաքանչիւրը, որ կ'արդարացնէ այդ գործողութիւնները, կը թաքնուի կարգախօսներու ետեւ եւ կը խրախուսէ թրքական ապատեղեկատուութիւնը անվտանգ գօտիի ստեղծման մասին, այս յանցաւոր յատակագիծի անբաժանելի մասը կը կազմէ։ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անոր ժողովուրդի միասնութիւնը պէտք է դառնան այդ յատակագիծերուն հակազդելու բացարձակ չափանիշ, այլ ոչ թէ երկրի հիւսիս-արեւելքը կամ հիւսիս-արեւմուտքը անջատողական շրջաններ ստեղծելու կոչ։

Սուրիան կոչ կ'ընէ միջազգային հանրութեան չհրահրելու Էրտողանը ուրիշ երկիրներու հողերուն վրայ, յանուն անհեռատես նպատակներու հասնելու, որոնք աղէտալի հետեւանքներ կ'ունենան տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան համար, յատկապէս, որ Էրտողանի անհամաչափ գործողութիւնները կը սպառնան աշխարհի շատ հատուածներու, ինչ որ կը յանգեցնէ միջազգային իրաւունքի հեղինակութեան եւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կանոնադրութեան խարխլման»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։