image

Անհնազանդութեան գործողութիւնները կը շարունակուին․ կայ 137 բերման ենթարկուած

Անհնազանդութեան գործողութիւնները կը շարունակուին․ կայ 137 բերման ենթարկուած

Ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ բերման ենթարկուածներու թիւը հասած է 137-ի:

Երեւանի մէջ անհնազանդութեան գործողութիւններու 137 մասնակից բերման ենթարկուած է ՀՀ ոստիկանութեան տարբեր բաժիններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած են ՆԳՆ ոստիկանութենէն։

«Այս պահի դրութեամբ Երեւանում բերման է ենթարկուել անհնազանդութեան ակցիաների 137 մասնակից` վարչական իրաւախախտումների մասին օրէնքի 182–րդ յօդուածով»,–յայտնած են ՆԳՆ–էն։

Յայտնած էինք, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցները վաղ առաւօտէն փակած են շարք մը փողոցներ ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ մարզերու մէջ։ Ատոր զուգահեռ կարմիրպերեթաւորները սկսած են բերման ենթարկել անհնազանդութեան գործողութիւններու մասնակիցները։ Բերման ենթարկուողներու շարքին էր նաեւ ՀԱՊԿ նախկին ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի որդին`Իկոր Խաչատուրովը։