image

Անգարայի մէջ. Համայնքի ամենաերեց հայուն մահը. Ոչ եւս է Կարապետ Սէօքելին

Անգարայի մէջ. Համայնքի ամենաերեց հայուն մահը. Ոչ եւս է Կարապետ Սէօքելին

Օրերս, Անգարայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի ամենաերեց հայը՝ Կարապետ Սէօքելին։

Այս մասին կ'իմանանք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «ԺԱՄԱՆԱԿ»էն:

Թերթը մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախընթաց օր իր մահկանացուն կնքած է՝ Անգարայի փոքրաթիւ հայ համայնքի երիցագոյն դէմքերէն Կարապետ Սէօքելի։ Յառաջացած տարիքին բերումով ան կը տառապէր առողջական խնդիրներէ, իսկ շուրջ երկու տարիէ ի վեր, դժբախտաբար, անկողնոյ կը ծառայէր։ Այս բոլորէն վերջ, հակառակ իրեն համար ի սպաս դրուած խնամքին, Կարապետ Սէօքելի կնքեց իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ սիրելիներու շրջանակը։

Կարապետ Սէօքելի երկար տասնամեակներ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալներուն կ՚ընկերանար, երբ անոնք մայրաքաղաքի մէջ զանազան շփումներ կ՚ունենային։ Բաց աստի, Սէօքելի ընտանիքը միշտ ջերմօրէն կը հիւրասիրէր Պատրիարքարանէն ուղարկուած այն հոգեւոր հայրերը, որոնք Անգարայի մէջ տաղաւարներու շրջաններուն արարողութիւններ կ՚իրականացնէին։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ՝ Կարապետ Սէօքելիի յուղարկաւորութեան առթիւ մայրաքաղաք մեկնեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ֆրանսական մատրան մէջ տեղի ունեցաւ իր յուղարկաւորութիւնը, որու ընթացքին տէր հայրը փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան վշտակցութիւնները։ Ապա, Անգարայի Ճէպէճիի գերեզմանատան ոչ-իսլամներու յատկացեալ բաժնին մէջ ամփոփուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Կարապետ Սէօքելիի մարմինը։ Թաղման կարգը եւս իրականացուց Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ հոգատար վերաբերմունք ցոյց տուաւ սգաւոր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ։