image

Անգարա կը յորդորէ

Անգարա կը յորդորէ

Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը հայ-ատրպէյճանական տագնապին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը յորդորեց «նպաստելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման»:

Նախագահական նստավայրին մէջ, Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստէն ետք, խորհուրդը դարձեալ վճռական աջակցութիւն յայտնեց Ատրպէյճանին` պնդելով, թէ Պաքու «մեծ ջանքեր կը գործադրէ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»:

«Բոլոր երկիրները, յատկապէս` շրջանի պետութիւնները, պէտք է անկեղծօրէն նպաստեն հարցի լուծման եւ ոչ թէ անոր թէժացման», յայտարարեց Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու: