image

Անդրանիկ Միհրանեան «Զուարթնոց»ի մէջ սպասելէ ետք վերադարձած է Մոսկուա

Անդրանիկ Միհրանեան «Զուարթնոց»ի մէջ սպասելէ ետք վերադարձած է Մոսկուա

Քաղաքագէտ Անդրանիկ Միհրանեանը, որուն կիրակի ուշ երեկոյեան թոյլ չեն տուած հատել ՀՀ սահմանը, վերադարձած է Մոսկուա։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ հայերու միութեան (ՌՀՄ) մամուլի ծառայութիւնը։

Միհրանեանը, ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, Երեւան ժամանած էր Արա Աբրահամեանի գլխաւորած ներկայացուցչական պատուիրակութեան կազմին հետ։ 

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստան ժամանած են հասարակական գործիչներ ու ձեռներեցներ, մասնաւորապէս, «Եւրոքլիմաթ» ընկերութեան սեփականատէրը՝ նպատակ ունենալով ստեղծել ռուս-հայկական ճարտարապետական ընկերութիւն։

Երեւանի «Զուարթնոց» օդկայանին մէջ բոլորին, բացի Միհրանեանէն, թոյլ տուած են անձնագրային հսկողութիւն անցնիլ ու մտնել Հայաստան։

Նշենք, որ երէկ քաղաքագէտ Անդրանիկ Միհրանեանին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ըսած են, որ իր  մուտքը ՀՀ արգիլուած է: