Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անաստասիատիս օրերս մեծ պատիւ ընելով նախագահական պալատի յարկին տակ ընդունած եւ պարգեւատրած է կիպրահայ մարզիկ՝ Անդրանիկ Կրտսեր Աշճեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ նախագահ բարձր գնահատած է հայ մարզիկին փայլուն երեւումը ու նշած, որ ան իր նման համաքաղաքացի՝ աստղերուն հետ միասին կարեւոր ճիգեր կ՚իրականցնեն միջազգային հարթակներուն ու կանաչ դաշտերուն վրայ բարձր պահելու Կիպրոսի անունը։
Անդրանիկ կրտսեր, անցեալ ամրան Սլովէքիոյ մէջ տեղի ունեցած եւրոպական աթլէթի ախոյեանութեան (մէկ քայլ ոստում) պատուաբեր արդիւնք մը գրանցած եւ ստացած էր պրոնզեայ մետայլ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ կիպրահայ հայկական աւանդական ընտանիքի զաւակ Անդրանիկ կրտսեր Աշճեան թոռն է Կիպրոսի հայկական համայնքին մէջ իր հետքը եւ բարի համբաւը կերտած պետական ներկայացուցիչ Անդրանիկ եւ Աննա Աշճեաններու եւ որդին ՝ Տօքթ. Անդրանիկ եւ Ալին Աշճեաններու։