image

«Ան Ամերիկայի հետ կասկածելի գործարքներու մէջ է» Էրտողանէն մեղադրանք՝ Քըլչտարօղլուի հասցէին

«Ան Ամերիկայի հետ կասկածելի գործարքներու մէջ է» Էրտողանէն մեղադրանք՝ Քըլչտարօղլուի հասցէին

 Էրտողան նաեւ ըսած է, որ իրենք պիտի շարունակեն երթը նշելով, որ Թուրքիան իր հիմնադրման 200-րդ հարիւրամեակի սեմին կանգնած է կարեւոր ջրբաժանի մը առջեւ եւ իրենց համար ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը պիտի շարունակէ մնալ առաջնային։

Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թայէպ Էրտողան, որ երէկ երկրի մեծագոյն օդակայանին ՝ Պոլսոյ «Աթաթուրք օդակայան»ի կառատան մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին խօսք առած է, հերթական անգամ մեղադրանքներ հնչեցուցած է ընդդիմադիր գործիչ Քեմալ Քլըչտարօղլուի հասցէին նշելով, որ ան կը գործակցի Միացեալ Նահանգներու հետ եւ կասկածելի գործարքներու մէջ է։

 

 Էրտողան նաեւ ըսած է, որ իրենք պիտի շարունակեն երթը նշելով, որ Թուրքիան իր հիմնադրման 200-րդ հարիւրամեակի սեմին կանգնած է կարեւոր ջրբաժանի մը առջեւ եւ իրենց համար ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը պիտի շարունակէ մնալ առաջնային։

 

 Ըստ Էրտողանի մօտիկ համարուող լրատուական աղբիւրներու երէկ Էրտողանի կուսակցութեան հանրահաւաքին մասնակցած են 1,7 միլիոն քաղաքացիներ։