image

«Ամօ՛թ». Իսրայէլի արտաքին գործոցէն կշտամբանք՝ Էրտողանին

«Ամօ՛թ». Իսրայէլի արտաքին գործոցէն կշտամբանք՝ Էրտողանին

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէին Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններու հրաւիրելու համար։

«Իսլամ եղբայրներու դաշինք. բռնաբարութիւններ, սպաննութիւններ, մարմիններու պղծում եւ մանուկներու այրում»,- գրած է Քացն իր X միքրոպլոկով՝ աւելցնելով Էրտողանի եւ Հանիէի ձեռքսեղմման լուսանկարը:

«Ինչպէս չես ամչնար, Էրտողա՛ն»,- աւելցուցած է ան:

Յիշեցնենք, որ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ հանդիպած էր Հանիէի հետ եւ քննարկած Կազայի հատուածի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։