Գորոնա ժահրի համավարակին պատճառով Միացեալ Նահանգներուն մէջ արձանագրուած մահերուն թիւը գերազանցած է 700 հազարը:
Տուեալ պահուն ԱՄՆ-ի մէջ կայ Գորոնա ժահրի վարակման արձանագրուած ընդհանուր 43.615.149 դէպք, մահուան դէպքերը 700.258-ն են:
ԱՄՆ-ը ամբողջ աշխարհի Գորոնա ժահրով վարակման դէպքերու առաջատարն է: Անոր կը յաջորդեն Հնդկաստանը՝ 33.766.707 եւ Պրազիլը՝ 21.445.651 դէպք: