image

ԱՄՆ կը ձգտի Թուրքիոյ իշխող ուժը իշխանութենէն հեռացնելու. ԱԶԿ-ի փոխնախագահ

ԱՄՆ կը ձգտի Թուրքիոյ իշխող ուժը իշխանութենէն հեռացնելու. ԱԶԿ-ի փոխնախագահ

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտարարած է, որ «ԱՄՆ կը փափաքի ԱԶԿ-ն հեռացնել իշխանութենէն»՝ տարածաշրջանին մէջ իրենց նպատակներուն համապատասխան 2023 թուականի ընտրութիւններուն ընդառաջ։

ԱԶԿ-ի փոխնախագահ Մեհմետ Օզհասեքին, որ պատասխանատու է կուսակցութեան տեղական կազմակերպութիւններուն համար, մասնաւորապէս մեկնաբանած է 2023-ի ընտրութիւնները՝ զանոնք անուանելով «Թուրքիոյ մէջ երբեւէ կայացած ընտրութիւններու մայր»։ Ան նման յայտարարութիւն կատարած է այն բանէն յետոյ, երբ երկրի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջնորդները լիրայի մրցանշային անկումէն յետոյ իշխող ուժէն կրկին սկսան պահանջել արտահերթ ընտրութիւններ կայացնել։

Պնդելով, որ «ամբողջ աշխարհը» ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ 2023 թուականի ընտրութիւններուն՝ Օզհասեքին ըսած է, որ «ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն բացայայտ կերպով թիրախաւորած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին»։ «Ան իր նախընտրական քարոզարշաւը կ'իրականացնէր՝ յատուկ կեդրոնանալով Թուրքիոյ վրայ, քանի որ մենք ձախողած ենք ԱՄՆ-ի բոլոր ծրագրերն ու դաւադրութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ», յայտարարած է ԱԶԿ փոխնախագահը։ Ան նշած է, որ ԱՄՆ ծրագրեր ունի իշխող ԱԶԿ-ն տապալել 2023 թուականի ընտրութիւններուն, քանի որ զանոնք կը տեսնէ որպէս խոչընդոտ Մերձաւոր Արեւելքի հետ կապուած իր ծրագրերուն համար: 

Յաւելենք, որ Թուրքիոյի իշխող կուսակցութիւնն ու նախագահ Էրտողանը լիրայի արժեզրկման համար կը մեղադրեն «արտաքին ուժերը, որոնք տնտեսական յարձակում սկսած են երկրին դէմ»։