ԱՄՆ-ի մէջ Մահացած է համայնքային սիրուած գործիչ՝ Հուրիկ Ֆուռնուզեան

   ԱՄՆ-ի մէջ Մահացած է համայնքային սիրուած գործիչ՝ Հուրիկ Ֆուռնուզեան

Միացեալ Նահանգներ Լոս Անճըլըս հայաշատ նահանգին մէջ օրերս իր մահկանացուն կնքած է համայնքային սիրուած գործիչ՝ Հուրիկ Ֆուռնուզեան  (Ծնեալ՝ 9 Նոյեմբեր 1957ին)։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

Կը նշուի նաեւ, որ Ֆուռնուզեան երկար տարիներ ծառայութիւն բերած է գործելով տեղի «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն ներս ու նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդին մէջ։

Բօթը գուժած է նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի բարեջան առաջնորդն ու ազգային առաջնորդարան եւ այդ գոյժը հրապարակուած է Թեմի դիմատետրեան էջին, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝ 

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնը եւ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմը խոր ցաւով կը գուժեն Հուրիկ Ֆուռնուզեանի անժամանակ մահը, որ պատահեցաւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2023-ին։

Հուրիկը շուրջ 25 տարի անձնուիրաբար պաշտօնավարած է Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ իբրեւ Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ քարտուղար, «Եկեղեցին Հայկական» կիրակնօրեայ կրօնական յայտագրի հաղորդավար եւ քարտուղարուհի։

Այս տխուր առիթով ցաւակցութիւն կը յայտնենք ամուսնոյն՝ Մինասին, զաւակներուն՝ Շանթին ու Թամարին, թոռան՝ Քիանային, անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։ 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2023ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս անոր ամուսնոյն ազգային գործիչ՝ Մինաս Ֆուռնուզեանին։