image

ԱՄՆ-ի մէջ. Մահացած է երաժշտութեան վարժուհի՝ Հռիփսիմէ Յովսէփեան

ԱՄՆ-ի մէջ. Մահացած է երաժշտութեան վարժուհի՝ Հռիփսիմէ Յովսէփեան

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է երաժշտութեան եւ մասնաւորապէս դաշնամուրի վարժուհի Հռիփսիմէ Յովսէփեանը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ասպարէզ» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը խոր վիշտով յայտնած է երաժշտանոցի վաստակաւոր ուսուցչուհի, դաշնամուրային բաժնի վարիչ տիկին Հռիփսիմէ Յովսէփեանի վաղաժամ մահը, որ պատահեցաւ 10 Մարտ 2024ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 22 Մարտին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Հանգուցեալին նուիրուած խօսքեր արտասանեցին երաժշտանոցի փոխտնօրէնուհի Թագուհի Արզումանեանը եւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Կարինէ Տէր Գէորգեանը։