image

ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է բնիկ Քեսապցի մեր հայրենակից՝ Մովսէս Սահակեան

ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է բնիկ Քեսապցի մեր հայրենակից՝ Մովսէս Սահակեան

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մահը Մովսէս Վահան Սահակեանին (ծնեալ՝ 24 Յունիս 1956-ին,Պէյրութ, Լիբանան), որ պատահեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ին, ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով։

Օրերս  ցաւալի արկածի մը զոհ գացած է մեր հայրենակից Մովսէս Վահան Սահակեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Կը նշուի, որ  վերջին տարիներուն Թէքսաս տեղափոխուած մեր հայրենակիցը  Արիզոնայի ճամբով դէպի Լոս Անճըլըս ուղղուած ժամանակ  ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով  մահացած է։

Արմատներով Քեսապցի եւ Պէյրութի ծնունդ (Ծն. 1956-ին) Մովսէս Սահակեան իր նախնական ուսումը առած է Պէյրութի Հայ Աւետ. Բարձրագոյն Վարժարանին մէ («Հայ սքուլ») եւ  ապա Սոֆիա Յակոբեան  Ազգային Վարժարանին մէջ, որմէ ետք  արտագաղթած է դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ մասնագիտացած է տնտեսագիտութեան մէջ ու ապա ալ գործած է նոյն ոլորտին մէջ։

Վերջին տարիներուն աշխատանքի բերումով ան կը փոխադրուի Թեքսաս նահանգ  եւ կը հաստատուի այնտեղ։

Ճիշդ է, որ Մովսէս Սահակեան չէ ծաւալած միութենական գործունէութիւնը, բայց եւ այնպէս անոր մտածումներու  կիզակէտն ու ուղղութիւնը միշտ ալ եղած են Մայր Հայաստանն ու Արցախը։ 

 Այս առումով ալ ան տարբեր մակարդակի յանձնառութիւններ եւ հայրենաշէն գործունէութիւն տարած է մասնաւորապէս Արցախի մէջ եւ անշուշտ ինչպէս  մեր ազգի ու հայրենիքի խնդիրներով  մտահոգ  բոլոր  հայորդիներուն նման  հանգուցեալը եւս  մեծ հոգելքութիւն ապրած է  թուականին եղած  պատերազմին հետեւանքով մեր կրած  բոլոր մակարդակի  կորուստներով։