image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա քննարկումները կը շարունակուին. Թեման ռազմական ոլորտն է

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  քննարկումները կը շարունակուին. Թեման  ռազմական ոլորտն է

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ հետ կը քննարկէ ամերիկեան սպառազինութեամբ Ռուսիոյ տարածքի վրայ հարուածներու խորութեան յաւելումի հեռանկարները։

Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի, հաղորդած է ԹԱՍՍ։

«Մենք դեռ կը շարունակենք խօսակցութիւնները անոնց հետ»,- լրագրողներուն համար հերթական առցանց ճեպազրոյցին ըսած է Քըրպի:

Միեւնոյն ժամանակ, Քըրպի աւելցուցած է, որ այս ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ դեռ փոփոխութիւններ չկան:

«Ես այսօր ոչինչ ունիմ ըսելու քաղաքականութեան մէջ այս կամ այն ուղղութեամբ որեւէ տեղաշարժի մասին», - պնդած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը։