image

Նիկոսիոյ մէջ. Ներկայացուած է Երան Գույումճեանի «Ծիրանի Լոյս» Նորատիպը

Նիկոսիոյ մէջ. Ներկայացուած է Երան Գույումճեանի «Ծիրանի Լոյս» Նորատիպը

Ներկայութեամբ գաղութային աշխարհիկ, թէ կրօնական գործիչներու օրերս տեղի ունեցած է Կիպրահայ շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող, խիզախ խօսքի տէր ՝ Երան Գույումճեանի «Ծիրանի Լոյս» հատորին շնորհանդէսը։

Ուշագրաւն այն է, որ հանդիսութեան ներկայ եղած է Կիպրոսի Խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան։

Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք, այդ առթիւ կատարուած գրքի հեղինակ՝ Երան Գույումճեանի կատարած գրառումը։

Երէկ, երեկոյեան ժամերուն, Նիկոսիոյ Առաջնորդարանի «Վահրան Իւթիւճեան» սրահին մէջ, մեծ յաջողութեամբ կայացաւ «Ծիրանի Լոյս» գիրքիս Շնորհանդէսը, ի ներկայութեան Թեմիս Կաթ. Փոխ. Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Կիպրահայ համայնքի Պետ. Ներկ. Տէր եւ Տիկ. Վարդգէս Մահտեսեանի, համայնքիս պատգամաւորական, վարչական, ազգային-կուսակցական, կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական Մարմիններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ գրասէր հոծ հանրութեան մը: Բոլորին կը յայտնեմ սրտիս խորազգած շնորհակալութիւնը, ի մասնաւորի յայտագրին մաս առնող բանախօս Պրն. Եղիա Գայայեանին, ասմունքողներ՝ Տիկիններ Նայիրի Մուրատեանին, Լորա Մկրտիչեանին եւ Մարալ Ատուրեանին: Երախտապարտ եմ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ Երգչախումբի պատանիներուն, որոնք խմբավարութեամբ Տիկ. Վիքի Գույումճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Ալիսիա Ոսկանեանի երգեցին հայրենասիրական ոգեշունչ երգեր, յաւելեալ փայլ ու ջերմութիւն փոխանցելով Երեկոյին: Զիս յուզեց Սրբազան Հօր գնահատանքը տրուպիս նկատմամբ:

Բաղձանքս եւ աղօթքս է որ Հայ գիրն ու Հայ գիրքը մշտապէս շարունակեն իրենց Մեսրոպաւանդ առաքելութիւնը, յոյս ու լոյս, հաւատք ու սէր ճառագեն մեր սիրտերէն ներս, մեր տուներուն մէջ, նորահաս սերունդին մօտ յատկապէս: Անոնք մեր գոյապայքարի, մեր հայ մնալու գլխաւոր զէնքերն են: Միշտ պիտի յիշենք որ նոյնիսկ երբ թուղթն ու գրիչը պակսեցան Ցեղասպանութեան դժոխքին մէջ, հայ մայրը հայոց այբուբենը դրոշմեց Տէր Զօրի շէկ աւազներուն վրայ որպէս հայուն փրկութեան լաստ, որպէս հայուն լինելութեան եւ ոգեզինման երաշխիք: 

Փա՛ռք ու պատի՛ւ մեր Մեծասքանչին:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ Հայ գիր ու գիրքին:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ զանոնք սնուցանող Հայ ժողովուրդին: