Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն շարք մը լրատուամիջիցներու հարցազրոյցին կարծիք յայտնած է Ուքրանիոյ իշխանութիւններու՝ Ռուսիոյ զաւթած բոլոր տարածքները, ներառեալ Խրիմը ազատագրելու յայտարարութիւններու վարեբերեալ։
«Այդ որոշումները պէտք է կայացնէ Ուքրանիան։ Ուքրանիան ժողովտդավար է։ Նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին պատասխանատւութիւն կը կրէ երկրի ղեկավարութեան համար։ Բայց նաեւ պէտք է բաց ըլլայ ուքրանացիներու կամքի առջեւ»,-ըսած է Պլինքըն Funke մետիա-խումբի թերթերուն եւ «Ouest-France» ֆրանսական թերթին։
Միացեալ Նահանգները պարտաւորուած է շատ երկիրներու հետ միասին օգնել Ուքրանիոյ իր տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը պաշտպանելու գործին, ըսած է ան։
«Դեռ յայտնի չէ, թէ ինչպէս կը զարգանայ այդ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն»,-ըսած է Պլինքըն։
Ուքրանիոյ գործընկերները երկու նպատակ ունին, ըսած է Պլինքըն հարցազրոյցին։ «Մէկը՝ մեր ուժերու սահմաններուն մէջ ընել ամէն ինչ, որ օգնենք Ուքրանիոյ շարունակել ետ բերել տարածքները»,- նշած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը։ Այդ կը ներառէ հակայարձակումը, որ, հաւանաբար, պիտի սկսի առաջիկայ շաբաթներուն, հաղորդած է գերմանական NTV-ին։
«Երկրորդ՝ Ուքրանիոյ պէտք է աջակցութիւն ցուցաբերուի անոր միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ներուժի աւելացման հարցով»,-ըսած է ան։
«Քանի դեռ Ռուսիան չէ փոխած ուղեգիծը, մենք պիտի ապահովենք աննախադէպ ճնշման պահպանումը պատժամիջոցներով եւ արտահանման վերահսկմամբ»,-ըսած է Պլինքըն։